«Իմ Կեանքի Երազը Եղած Է Հայրենիքիս Մէջ Ծառայել» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Անհերքելի իրականութիւն է, որ մեր կեանքի գէթ որոշ մէկ ժամանակաշրջանը  (եթէ ոչ բոլորը) կը յատկացնենք ի սպաս կամաւոր ծառայութեան: Այդ «ուրիշները» կրնան ըլլալ մեր հարազատները կամ մեզի սիրելի անձեր:  Սակայն ի՞նչ կարելի է ըսել անոնց, որոնք իրենց հարազատներու եւ սիրելիներու կողքին, սիրայօժար կերպով կը ծառայեն նաեւ անծանօթներու`  հիւանդին, անկարին, լքեալին ու անտեսուածին: Այդպէս ըրաւ ծագումով ալպանացի, Մակեդոնիոյ մէջ ծնած հաւատացեալ Մայր Թերեզա (աւազանի անունով` Ակնէս Կոնճա Պոհանժիու), որ իր կեանքը նուիրեց  հիւանդին, անկարին, լքեալին ու ալեւորին: Այդպէս ըրաւ ու կ՛ընէ Գիւմրիի «Պօղոսեան կրթահամալիր»-ի տնօրէն  մեծաւորուհի` քոյր Արուսեակ  Սաճոնեան: Տակաւին պարմանուհի տարիքէն,  քոյր  Սաճոնեան ինքզինք նուիրած է «դիմացինին» օգնելու  վսեմագոյն առաքելութեան: Հակառակ իր ստացած համալսարանական վկայականներուն, վարած հանգամանաւոր պաշտօններուն ու վայելած ազնիւ վարկին` իրեն ուղղած մեր հարցումներուն  պատասխանելով, համեստօրէն`  կեդրոնացաւ կատարուած ու կատարուող աշխատանքի արդիւնաւէտութեան վրայ, հեռու` ինքնագովութեան սին  յաւակնութիւններէն: Անոր տուած հեզ ու պարզ պատասխանները յատուկ են միայն հոգուով մեծերուն: Աւելի՛ն, անոր համակ կեանքի ծառայասիրութեան օրինակով զինք կարելի է դասել մայր Թերեզաներու շարքին:  Իր անհատական «ես»-ը հաւաքականին ի սպաս տրամադրած քոյր  Սաճոնեան անձնդիր զոհաբերութեամբ լծուած է կարիքաւոր, հիւանդ ու անկար իր ազգակիցներու հոգածութեան համբերատար աշխատանքին`  յաղթահարելով ամէն տեսակ դժուարութիւն ու արգելք: Իր գթասիրտ նկարագիրով, ան չէր կրնար անտարբեր մնալ հայրենի փողոցներուն մէջ  գործ փնտռելու նպատակով թափառող դեռատի ու որբ պարմանուհիներու  պարզած  վտանգաւոր վիճակին ի տես: Վտանգաւոր, որովհետեւ ան կը գիտակցէր, թէ դեկտեմբեր 1988-ի երկրաշարժի զոհերու ծնունդ այդ որբերու անտեսումի պարագային կրնային շեղիլ ու սայթաքիլ կեանքի յորձանուտին մէջ… Քոյր  Սաճոնեան իր գլխաւորած «Գիւմրիի Պօղոսեան  կրթահամալիրի Տիրամայր  Հայաստանի երգչախումբ»-ին ու անոր խմբավար` մայեսթրօ Ռոպերթ Մելքէեանին հետ վերջերս այցելեց Լիբանան, ուր խումբը ելոյթ ունեցաւ: Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ քրոջ հետ: Ստորեւ` հարցազրոյցին հիմնական մասերը.

 «ԱԶԴԱԿ.»- Խնդրեմ մեզի ծանօթացնէք Գիւմրիի Պօղոսեան կրթահամալիրը. Ե՞րբ  եւ ի՞նչ պայմաններու տակ հիմնուած է.

ՔՈՅՐ ԱՐՈՒՍԵԱԿ  ՍԱՃՈՆԵԱՆ.- 1988-ի երկրաշարժէն ետք Անարատ Յղութեան քանի մը  հայ  քոյրերով  ուղղուեցանք  Հայաստան` օգնելու համար երկրաշարժէն աղէտեալներուն: Ու երբ այս գծով տեսերիզ մը կը դիտէինք,  «Ֆոնտասիոն Ալիանս Արմենիէն»-ի  հետ շրջան կ՛այցելէր նաեւ պրն. Պօղոսեան: Այցելելով մեզ` ինք ալ տեսաւ տեսաերիզը ու հետաքրքրուեցաւ հոն երեւցող որբերու վիճակով. գիտնալով անոնց վիճակին մասին` առաջարկեց  «տուն» մը նուիրել մեզի, պատսպարելու համար այդ որբերը: Որոշ աշխատանքներէ ետք, սեպտեմբեր 1998-ին, պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ կրթահամալիրին, թէեւ  մենք մինչ այդ որոշ թիւով որբեր արդէն կը պահէինք սակայն, աւելի խեղճ պայմաններու մէջ:

«Ա.»- Ի՞նչ է այս համալիրին հիմնական առաքելութիւնը.

Ք. Ա. Ս.- Այս կրթահամալիրի հիմնական առաքելութիւնն է խնամել ու զարկ տալ երկրաշարժէն աղէտեալ  պատանիներու եւ չափահասներու մարզական ու մշակութային դաստիարակութեան: 6-էն 24  տարիքի միջեւ երկսեռ  40 պատանիներ ու չափահասներ կը  մնան համալիրին մէջ: Առաւօտեան անոնք կը յաճախեն պետական վարժարան, ուրկէ կը վերադառնան իրենց «տունը» նկատուող այս համալիրը: Ունինք չափահասներ, որոնք կը յաճախեն  Երեւանի պետական համալսարան:

«Ա.»- Գլխաւոր քանի՞ բաժիններէ կը բաղկանայ այս համալիրը. կրնա՞ք ամփոփ գաղափար տալ իւրաքանչիւր ենթաբաժինի մասին:

Ք. Ա. Ս.– Այո, կան հետեւեալ  բաժանմունքները.-

– Երիտասարդութեան  զարգացման կեդրոնը, որ իր բնոյթով արհեստից վարժարան է, նուիրուած  Գիւմրիի մէջ արհեստներու զարգացման եւ զանազան արհեստներու մէջ երիտասարդութեան պատրաստութեան: Այս կեդրոնը հիմնուած է յունիս 2007-ին,  ամերիկաբնակ Ռեմոն եւ  Անի  Գույումճեան բարերարներու մեկենասութեամբ: Այս կեդրոնին մէջ 80 երիտասարդներ կը սորվին  համակարգչային ձեւագծութիւն, փականագործութիւն, ելեկտրական սարքերու եւ սարքաւորումներու նորոգութիւն, սնունդի վերաբերող նիւթեր եւ այլն:

– Տիրամայր  Հայաստանի ամառնային ճամբարը, որ կը գտնուի  Ծաղկաձորի մէջ, եւ իւրաքանչիւր ամրան հոն կը կազմակերպուի կրթական ու դաստիարակչական ծրագիր: Միջին հաշուով 850 երեխայ կու գայ, գլխաւորաբար` Հայաստանի զանազան շրջաններէն, նաեւ Ջաւախքէն կարիքաւոր  մանուկներ կը միանան մեզի:  Ճամբարը կ՛ընդունի նաեւ սփիւռքէն ժամանած մանուկներ, ինչ որ կը նպաստէ սփիւռք-հայրենիք երիտասարդական կապերու սերտացման: Ճամբարի այս ծրագիրը կ՛իրագործուէր 1994-էն ի վեր, բայց վարձուած տարբեր վայրի մը մէջ: 1997-էն ետք եւ շնորհիւ «Հայկական  Ալիանս» հիմնադրամին, կարելի եղաւ ութ հեքթար տարածութեամբ հողատարած ապահովել ու գնել Ծաղկաձորի մէջ: Հոն կը դասաւանդուին անգլերէն, ֆրանսերէն լեզուներ, երգ ու պար:

– «Նատին  Պասմաճեան»  Ծերերու  ցերեկային խնամքի կեդրոն, որ հիմնուեցաւ 2009-ին եւ կը միտի հոգ տանիլ  յատկապէս` Գիւմրիի տարէց  մամիկներուն եւ պապիկներուն: Այս կեդրոնը հիմնուեցաւ գլխաւորաբար Ժընեւի «Հայկական Ալիանս» հիմնադրամի ներդրումով:

– «Տիրամայր  Հայաստանի Երգչախումբ»-ը, որ հիմնուած է  Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաք`  Գիւմրիի մէջ, 2005-ին: Իբրեւ  խմբավար-ղեկավար հրաւիրուած է Հայաստանի լաւագոյն խմբավարներէն գեղարուեստական ղեկավար Ռոպերթ Մլքէեանը,  որուն բծախնդիր  ձայնամարզութեան ու հետեւողական  նախանձախնդրութեան շնորհիւ այսօր այս երգչախումբը կը վայելէ յարգելի վարկ ու հռչակ:  Դաշնակի վրայ խումբին կ՛ընկերակցի`  Նայիրա  Ալեքսանեան: երգչախումբը բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է եւրոպական ծանօթ քաղաքներու մէջ: Իսկ այս այցելութեամբ կը թափանցենք նաեւ Միջին  Արեւելքի շրջանը, սկսելով  Պէյրութէն:

«Ա.»- Իսկ Լիբանանի մէջ ի՞նչ է ձեր գլխաւոր ծրագիրը:

Ք. Ա. Ս.- Յովհաննէս Պօղոսեան սրահի համերգի կողքին  մեր երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ նաեւ Զմմառու վանքին մէջ` նախագահ  Սերժ Սարգիսեանի ներկայութեան: Նաեւ կը նախատեսուի ելոյթ ունենալ  հայ կաթողիկէ վարժարաններու եւ  Սրբոց  Հռիփսիմեանց վարժարանին մէջ: Նշեմ, որ մեր երգչախումբը յատկապէս` տօնական առիթներով յատուկ համերգներ կու տայ, ըստ ներկայացուած հրաւէրի:

«Ա.»- Յառաջիկայի նոր ծրագիրներ կա՞ն.

Ք. Ա. Ս.– Այո՛, լիայոյս ենք, որ մօտիկ ապագային Երեւանի մէջ կ՛ունենանք մեր «տուն- կացարան»ը, որ կրնայ գիշերօթիկի դեր կատարել Երեւան ուսանող մեր համալսարանական սաներուն համար: Այս կեդրոնը, որ պիտի կոչուի` «Անի Պեզիքեան կեդրոն» կը գտնուի «Այբ» դպրոցի կից, որ խիստ բարձրորակ մակարդակով վարժարան մը կը նախատեսուի ըլլալ եւ կը նկատուի  Հայաստանի «Հարուըրտ»ը: Կեդրոնը պիտի կառուցուի Ալեքքօ եւ Անի  Պեզիքեան ազգային բարերարներուն կողմէ:

«Ա.»- Հայոց Ցեղասպանութեան յուշատօնի 100-ամեակին առիթով 100 համերգներու ծրագիրը մեկնարկած է արդէն:  Դուք որեւէ մասնակցութիւն ունի՞ք անոր մէջ, կամ կը մտածէ՞ք  այս մասին.

Ք. Ա. Ս.- Այո՛, շատ հաւանաբար մենք անջատ ելոյթով հանդէս գանք այս առթիւ:

«Ա.»- Ի՞նչ խօսք ունիք ըսելիք ձեր Լիբանան այցելութեան առիթով.

Ա. Ս.- Շատ ուրախ եմ, որ Լիբանան այցելեցինք ու մեծապէս կը գնահատեմ լիբանանահայ ու սուրիահայ մեր ազգակիցները, որոնք կը հասկնան մեր պայմաններն ու մտածելակերպը: Յատկապէս գնահատանքի խօսք ունիմ լիբանանահայ   մեր ազգակիցներուն եւ գործարարներուն, որոնք տնտեսական ու առեւտրական զանազան ներդրումներով կը նպաստեն հայրենիքի վերելքին ու ծաղկումին:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES