ԱԼԵՔՍԸ

Ո՞վ չի գիտեր Ալեքսը:

Շատ շատեր, բայց զինք լաւ ճանչցողները շատ քիչ են:

Ալեքսը: Ալեքսը լաւ ճանչցողները շատ քիչ են: Ալեքս մըն էր, ըմբոստ, ուղղամիտ, տարօրինակ: Ինքզինք լաւ կը ճանչնար, իսկ շրջապատը` շատ աւելի լաւ, սակայն շատ դժուար էր իրեն համար անոնց հետ ամբողջական հաղորդակցութիւն ստեղծել. յամառօրէն փորձեց, բայց չգտաւ:

Ալեքսը, 18 տարեկան: Իտալիա… Աքորտիոն: Ո՞վ կը մտածէր, թէ այս գործիքը լուրջ նուագարան մըն էր: Ան գտաւ եւ փշրելով շրջապատի, տունի  դժուարութիւններն ու նախապաշարումները, գնաց Իտալիա. մէկ տարուան մէջ ան իրագործեց ա՛յն, որուն համար ուրիշ մը երկու-երեք տարի պիտի աշխատէր: Ըրաւ, աւարտեց վերադարձաւ ու մտաւ իր ժողովուրդին մէջ, սակայն ի՛ր իսկ ժողովուրդը զինք լուրջի չառաւ, երկա՜ր տարիներ:

Ալեքսանն էր` իր ռամիկ հայերէնով,

Ալեքսանն է,

Ալեքսանը: Ո՞վ չի գիտեր. իսկ գիտնալը ճանչնալ չէ` զինք հասկնալու համար:

Չէին հասկնար:

Ես կը ճանչնայի Ալեքսը ու զինք լաւ կը հասկնայի: Ալեքսը խռովք էր: Ըմբոստ: Անհանդուրժողը:

Ալեքսը, հայու, հայկականութեան անկեղծ շունչ էր: Շատ բան էր: Իսկ չճանչցողներուն համար ան աքորտիոնիստ մըն էր, ժամը դրամի վերածող տղայ մը: Ո՛չ, Ալեքսը այդ չէր: Ալեքսը իր արժէքին գինը պահանջող մարդն էր, որ փորձեց, փորձեց, որ մարդիկ զինք յարգեն: Յարգեն զինք իր աքորտիոնէն անդի՜ն: Իր «մարդը», իր երաժշտութիւնը: Եւ երբ իր կարիքը ունեցան` իր արժէքին գինը վճարեցին:

Վճարեցին, բայց ինք չէր բաւարարուած:

Ալեքսը, կարճ, չսափրուած: Յաճախ քլոշար մըն էր, փողկապը կ՛ատէր, շատ քիչ անգամ ան քոսթիւմ հագաւ: Իր չափին համեմատ փոքր ինքնաշարժ մը առաւ ու իր խոշոր աքորտիոնով ան քշեց, անցաւ ու եղաւ հիացմունքի առարկան` ո՛չ հայկական շրջանակներուն: Տեղացին գնահատեց զինք, ապա մենք:

Ալեքսը` զարմանալի միտքն ու տարօրինակ մարդը: Մեզմէ տարբեր մարդ մըն էր: Մեր տեսակէն չէր: Մեր չափերուն չէր պատշաճեր: Աշխատունակ, երաժիշտ, ստեղծագործ եւ քիչ մըն  ալ բժիշկ… Ալեքսը…

Մեռեր է:

Եղա՞ւ: Հաւատա՞նք:

Մեռաւ:

– Ինչո՞ւ Հայաստան չես այցելեր, Ալեքս:

– Թէ ե՛րբ ասիկա ես պիտի որոշեմ:

Իր մէջ թաքնուած խորհրդաւոր բան մը կար: Ծածկամի՛տ:

Լաւ որ հեռու տեղ մը գացիր ու մեռար: Լաւ որ մահդ հաստատող գերեզմանդ չտեսայ: Մահդ ալ կեանքիդ նմանեցաւ: Լիբանանահայերուս համար, ընկեր-բարեկամներուդ համար, հարազատներուդ համար, քեզ ճիշդ հասկցող – սիրողներուդ համար, մահուանդ լուրը շատ դժուար պիտի ըլլար… Լաւ որ մեզմէ հեռու գացիր: Այսպէսով կը մխիթարուինք, որ դուն հոն ես. Քանատա, ընտանիքիդ հետ… խորհրդաւորօրէն հեռու:

Դուն ինծի համար կաս: Կաս, տանս վարը, դիմացի մայթին վրայ, հանրակառքին Մասաատ կայարանը, ելեկտրական սիւնին աղօտ լոյսին տակ, երբ գիշերները սինեմայէն վերադարձին կանգ կ՛առնէինք ու երկա՜ր կը շարունակէինք խօսիլ: Գիշերներ` վարը, որքի, 18 տարեկան էինք…: Կը խօսէինք հայութեան մասին, երաժշտութեան մասին, մեր ընելիքներուն մասին… մինչեւ որ մայրս զիս վեր կը կանչէր` մեր ձայնը լսելով: Կ՛արթննա՞ր, թէ մեր վերադարձին կը սպասէր: Կը բաժնուէինք, իսկ դուն լռութեան ու մթութեան մէջէն մինչեւ ձեր տունը կը քալէիր, ի՞նչ կը խորհէիր, ի՞նչ կը ծրագրէիր, մինակդ, մինչեւ տուն…

Մայրդ ալ, ձեր տան պատուհանը կանգնած` քեզի կը սպասէր:

Ալեքս…

Իսկ հիմա դեռ կը սպասէ՞ արդեօք: Վստահ եմ, գացիր ու ա՛լ ետ պիտի չգաս: Գնա՜, չեմ գիտեր, թէ որքա՜ն հեռու է երթդ, բայց գնա՛: Վստահ եմ, որ լաւ աշխարհի մը մէջ ես հիմա: Վստահ եմ, որ ինչ որ տեղ մը հիմա նոր շրջանակ մը կազմած ես ու կը խօսիս: Կը խօսիս հրաշալի հայերէնով մը աշխարհի բաներուն մասին եւ անպայման նորէն կ՛ընդվզիս անարդար երեւոյթներու դէմ: Եւ կ՛աշխատիս հաղորդակցութիւն ստեղծել:

Քեզի չեմ նախանձիր, անշուշտ:

Աճապարած ալ չունիմ, բայց օր մը եթէ ես ալ ելլեմ… պիտի ուզէի հասցէդ իմանալ:

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԽՏԸՇԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES