ՈՐՔԱ՜Ն ԿԱՐՕՏՑԵՐ ԵՄ ԺՊԻՏԴ…

Որքա՜ն կարօտցած եմ այն օրերը, այլեւս հին օրերը…: Որքա՜ն կարօտցած եմ այն օրերու եռանդը, խանդավառութիւնն ու անկեղծութիւնը: Բայց խորքին մէջ, ինչքա՜ն կարօտցած եմ քեզ, աղուոր խմբավարս, որքա՜ն կարօտցած եմ անուշ ժպիտդ, քու ներկայութիւնդ:

Կը յիշե՞ս մեր երգի փորձերը: Այն եռանդն ու խանդավառութիւնը, զորս կը փոխանցէիր մեզի, երբ անտրամադիր էինք եւ սիրտ չունէինք երգելու: Կը յիշե՞ս, ինչպէ՜ս կ՛ոգեւորէիր մեզ, կ՛ապրեցնէիր մեզ քեզի՛ հետ, երգերո՛ւն հետ, եւ դուն, ինչքա՜ն կ՛ապրէիր մեզի հետ: Ո՞ր պատանին կամ նանօրականը չի յիշեր, որ «Զարկէ՛ք, անխնայ, տղերք կը կանչէր» երբ կ՛երգէինք, դուն այնքա՜ն ապրումով կը մասնակցէիր, որ կօշիկդ ոտքէդ թռաւ:

Մեծերը կը զարմանային, թէ այն մատ մը երեխաները, որ մե՛նք էինք, ինչպէ՞ս կը յաջողէին այնքան լաւ հասկնալ իրենց երգած երգերը եւ այնքան ապրումով երգել: Բայց անոնք չէին գիտեր, որ մենք քու դէմքի արտայայտութիւններդ է, որ կ՛ընկալէինք, քեզմով է, որ մենք կ՛ապրէինք մէն մի երգ, երգի իւրաքանչիւր տող: Ժամեր կը տրամադրէիր բացատրելու համար մեզի, թէ ինչո՞ւ հոս մեղմ պէտք է երգել եւ ուրիշ տեղ մը` բարձրաձայն, թէ ինչպէ՞ս կարելի է բարձրաձայն երգել առանց պոռալու, ինչ էր իմաստը երկրորդ ձայնի մեղեդիին, որ մենք այնքան անճոռնի կը գտնէինք:

Որքան ապրում տուած ես մեզի, գիտե՞ս արդեօք, թէ ինչքա՜ն բան շինած ես այդ երեխաներուն մէջ. գիտե՞ս, թէ անոնք որքա՜ն կապուած են քեզի եւ, քու ընդմէջէդ` հայ երաժշտութեան ու հայկականութեան:

Որքա՜ն կը բարկանայիր, երբ երգ մը աղաւաղելով կ՛երգէինք: «Թուո՜ւ ձեզի, ասանկ ալաթուրքա՞ կ՛երգեն», կամ «մաշալլա՛հ, ես ալ կը կարծեմ կոր, որ երեխաներս երգել գիտեն», կը բացագանչէիր: Կը զգայիր, վստահ եմ գիտէիր, թէ երեխաներդ որքա՛ն կապուած են քեզի, որքա՜ն կ՛ուզէին լաւ երգել, պարզապէս քեզի գոհացում տալու համար: Յստակ ու շիտակ արդիւնք կը պահանջէիր մեզմէ: Երբ դժգոհ մնայիր ու բարկանայիր, կ՛որոշէինք յաջորդ փորձին չերթալ, բայց միշտ ալ մագնիսական ուժէ քաշուած` կը վերադառնայինք: Որքա՜ն կը հետաքրքրուէիր իւրաքանչիւր երգողով: Կ՛ուզէիր գիտնալ, թէ այսինչը ինչո՞ւ նեղուած է, միւսը ինչո՞ւ փորձերուն չի գար: Եւ կը սրտապնդէիր մեզ, երբ կը սարսափէինք հանդէսներէն: Ինչպէ՞ս «կը բռնէիր» այդ անսանձ երեխաները:

Ամէն անգամ, որ «ապագայ բանակն ենք հայ ազգին» երգէինք, կը ժպտէիր քու աղուոր ժպիտովդ եւ «ամմատա ապագայ բանակն էք հա՜», կ՛ըսէիր: Բայց դուն, դուն բոլորէն աւելի կը հաւատայիր, որ «ապագայ բանակն ենք հայ ազգին»: Դուն բոլորէն աւելի հաւատք ունէիր մեր վրայ:

Որքա՜ն կարօտցեր եմ ժպիտդ:

ՆԱՆՕՐԱԿԱՆ

Share this Article
CATEGORIES