Չարենցեան Ընթերցումներ` Եղիշէ Չարենցի Ծննդեան 115-ամեակին Եւ Նահատակութեան 75-ամեակին Առիթով
Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 115-ամեակին եւ նահատակութեան 75-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 28 նոյեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցան չարենցեան ընթերցումներ:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սիլվա Քիւրքճեան, որ նշեց, թէ Չարենց հայ գրականութեան նորագոյն շրջանին նոր շունչ տուաւ, հարստացուց գրական սեռերը եւ հայ քերթողութեան առջեւ նոր հորիզոններ բացաւ:
Ապա Զարուկ Պոշնագեան ասմունքեց «Գովք Հայաստանի» ստեղծագործութիւնը, Յակոբ Թաշճեան` Սայաթ Նովային նուիրուած գործը եւ Արզնի Արսլանեան` «Հայաստանին» քերթուածը:
Չարենցի մահուան առեղծուածներուն մասին տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, Գարին Գանտահարեան ընթերցեց «Մօրս համար» ստեղծագործութիւնը, իսկ Մեղրի Պետրոսեան` «Մահուան տեսիլ»-ը:
Չարենցի մասին խօսեցաւ Սարգիս Կիրակոսեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց բանաստեղծին գրական արժէքն ու յատկանիշները: Կիրակոսեան ըսաւ, որ Չարենցի գործերուն մէջ միշտ կան նոր բացայայտութիւններ եւ վերլուծելիք նիւթեր, որոնք միշտ քննութեան առարկայ կը դառնան գրականագէտներուն կողմէ:
Ան յայտնեց, որ Չարենցի բազմաձայնութիւնը, քերթողական կոթողային կառուցուածքը, յուզական աշխարհը, լեզուն, ապրումներն ու թաքուն լոյսերը կը մարմնաւորեն իր գործերը: Կիրակոսեան շեշտեց, որ Չարենցի բանաստեղծական համակարգն ու ստեղծագործութիւնները պէտք է դիտել իբրեւ միասնական մէկ կառուցուածք: Սարգիս Կիրակոսեան նաեւ նշեց, որ Չարենց արդարօրէն կը հանդիսանայ արեւելահայ գրականութեան ամբողջական բանաստեղծը` իբրեւ նիւթ, լեզու, մտածողութիւն, գեղարուեստ:
Աւարտին, Վարանդա Եագուպեան մեներգեց «Ես իմ անուշ Հայաստանի» երգը, մինչ Սեդա Խտըշեան ընթերցեց «Ամենապոեմ»-ը:

