Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Գիրութիւն – Ստամոքսի Վիրահատութիւն» Նիւթով Դասախօսութիւն
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 28 նոյեմբեր 2012-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գիրութիւն – ստամոքսի վիրահատութիւն» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց վիրաբուժ Զարեհ Մալճեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ներկայացնելով օրուան դասախօսը նշեց, որ վերջինս իր մասնագիտական ասպարէզին կողքին կարեւոր գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ ազգային ու միութենական կեանքին մէջ: Մկրեան ծանօթացնելով նիւթը յայտնեց, որ գիրութիւնը եւ արտակարգ գիրութիւնը` սոնքութիւնը, հանրային առողջապահութեան էական հարցերէն մէկը կը նկատուի` անձը թիրախ դարձնելով զանազան հիւանդութիւններու: «Որո՞նք են գիրութեան նպաստող ազդակները եւ նախազգուշական ձեւերը: Ի՞նչ անհրաժեշտ քայլեր պէտք է առնել` դարմանելու այս բոլորը: Այս բոլորը համապարփակօրէն պիտի ներկայացնէ դասախօսը` տոքթ. Զարեհ Մալճեան», նշեց Մկրեան:
Տոքթ. Զարեհ Մալճեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով, թէ գիրութիւնը հիւանդութիւն մըն է եւ այլ հիւանդութիւններու շարքին անհրաժեշտ է դարմանի: Ան խօսեցաւ վտանգաւոր գիրութեան մասին` նշելով, որ այս կացութիւնը կը յատկանշուի ճարպերու մեծ քանակութեամբ կուտակումով, ճարպեր, որոնք ժամանակի ընթացքին կը դառնան վտանգաւոր եւ կը պատճառեն տարբեր հիւանդութիւններ ու յաճախ կեանքին սպառնացող վիճակներ:
Դասախօսը բացատրեց, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «Պատի մես ինտեքս (Պի. Էմ. Այ.)» մարմնի կշիռքի ծաւալի ցուցանիշը, երբ մանաւանդ վտանգաւոր գիրութեան պարագային այս ցուցանիշը կ՛ըլլայ 40-էն վեր:
Գիրութիւնը չափելու այլ միջոց մը կը կայանայ չափելով ենթակային մէջքին շրջագիծը, վտանգը կը բարձրանայ, երբ ատիկա այրերու պարագային 102 սանթիմեթրէն աւելի է, իսկ կիներու պարագային 88 սանթիմեթրէն աւելի:
Վտանգաւոր գիրութիւնը շարք մը հիւանդութիւններու պատճառ կրնայ դառնալ, ինչպէս` սրտանօթային, շաքարախտի, գերճնշումի, քաղցկեղի եւ այլն:
Տոքթ. Զարեհ Մալճեան յաջորդ բաժինով ներկայացուց վիրահատութեան տարբեր ձեւերը, որոնք կ՛օգտագործուին սոնքութեան պարագային, երբ անձը կը դիմէ գործողութեամբ նիհարնալու միջոցին:
Ներկայիս վիրահատութիւնները գլխաւորաբար կը կատարուին ենթակային որովայնին վրայ յառաջացնելով փոքր ծակեր-անցքեր, որոնք կ՛օգտագործուին բժիշկին կողմէ գործողութեան ընթացքին:
Գործողութեամբ նիհարնալու առաջին շրջանի միջոցներէն է փուչիկի (պալոնի) տեղադրումը ստամոքսին մէջ. ենթակային ստամոքսը փոքրանալով ճաշի բարձր քանակութեամբ սպառումը կը նուազի: Նիհարնալու այս միջոցը ունի իր անպատեհութիւնը, երբ փուչիկը կրնայ շարժիլ եւ փակել այլ ուղիներ յատկապէս աղիքները:
Յաջորդ միջոցն է ստամոքսի վերի բաժինին վրայ տեղադրել օղակի նման կազմած մը, որ կարելի է ղեկավարել արտաքին կազմածով մը` ըստ ենթակային գիրութեան աստիճանին եւ նիհարնալու ընթացքին:
Գործողութեամբ նիհարնալու յաջորդ երկու միջոցները, որոնք նոյնպէս կ՛օգտագործուին, փոքր աղիքէն կամ ստամոքսէն բաժին մը վիրահատելու միջոցներն են: Երկու պարագաներուն ալ կան անպատեհութիւններ, եւ յատկապէս որեւէ պարագայի ենթական ետդարձ չի կրնար կատարել:
Նիհարնալու վերջին գործողութիւնը, որ ներկայիս տարածուած է, եւ բաղդատելով վերոնշեալ այլ գործողութիւններուն, աւելի նուազ անպատեհութիւններ ունի, եւ ենթական կրնայ որեւէ ժամանակ վերադառնալ իր անցեալի վիճակին, այդ ալ ստամոքսը կարելի է ինք իր մէջ ծալելով փոքրացնել ծաւալը:
Եզրակացնելով դասախօսութիւնը` տոքթ. Զարեհ Մալճեան թուեց այն առաւելութիւնները եւ անպատեհութիւնները, որոնք արդիւնք են գործողութեամբ նիհարնալուն:
Աւարտին դասախօսը մանրամասն բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն եւ մտահոգութիւններուն:

