Հայրենի Գրականագէտ Փրոֆ. Սամուէլ Մուրատեան Այցելեց «Ազդակ»

Երէկ «Ազդակ» այցելեցին հայրենի գրականագէտ փրոֆ. Սամուէլ Մուրատեան եւ իր տիկինը` Նելլի Մուրատեան` ընկերակցութեամբ «Խօսնակ»-ի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեանի:

Յարգելի հիւրերը Լիբանան կը գտնուին «Խօսնակ»-ի կազմակերպած Սայաթ Նովայի մահուան 300-ամեակի հանդիսութեան առիթով, որուն գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ փրոֆ. Սամուէլ Մուրատեան:

Օգտուելով հայրենի գրականագէտին Լիբանան գտնուելու պատեհութենէն` «Ազդակ» անոր հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որ կը հրատարակենք աւելի ուշ:

Share this Article
CATEGORIES