Ֆապիւս Մամետեարովին Կը Գրէ Ղարաբաղի Օդակայանին Հարցով
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս նամակ գրած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովին` ի պատասխան Լեռնային Ղարաբաղի օդակայանին հարցով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն պաշտօնական Պաքուի դիմումին:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էլման Ապտուլայեւ «1news» համացանցային պարբերականին փոխանցեց, որ Ֆապիւս իր նամակին մէջ նշած է, որ կողմերը պէտք է խուսափին այնպիսի քայլերէն, որոնք կրնան յանգեցնել շրջանին մէջ իրավիճակի հետագայ սրումին:
CATEGORIES Հայկական

