«Ազրպէյճան Պէտք Է Հասկնայ, Որ Չի Կրնար Բանակցութիւնները Պատանդ Պահել» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան
ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն այցելութիւնը շրջան ցոյց տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ բանակցութիւնները փակուղի մտած են:
Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, համանախագահներուն այն եզրակացութիւնը, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով եւ տակաւին նախագահներու հանդիպում չի սպասուիր, ցոյց կու տայ, որ համանախագահող երկիրները կը փորձեն որոշ ձեւով սկիզբ տալ բանակցութիւններուն` նուազեցնելու համար պատերազմի հաւանականութիւնը: ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղին եւ Հայաստանին կը մնայ աշխուժացնել ճիգերը Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման ուղղութեամբ, ինչ որ կրնայ ըլլալ թէ՛ ամբողջական, թէ՛ մասնակի ճանաչման տեսքով: Կիրօ Մանոյեան նաեւ կարծիք յայտնեց, որ համանախագահներուն ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի այն առաջարկը, որով Լեռնային Ղարաբաղ պէտք է վերադառնայ բանակցային սեղանին շուրջ, տեղին է, թէեւ քիչ մը ուշացած: Մանոյեան շեշտեց, որ եթէ համանախագահները անկեղծ են, ապա Լեռնային Ղարաբաղին այդ կարելիութիւնը պէտք է տան Ազրպէյճանին ցոյց տալու համար, որ այդ բանակցութիւնները չի կրնար պատանդ պահել իր տրամադրութիւններուն:
Անդրադառնալով ռուսական զանգուածային լրատուամիջոցներուն արտայայտած այն միտքին, որ պէտք է մեծ համաձայնագիրի ծրար մը դնել հակամարտող կողմերուն առջեւ, Մանոյեան նշեց. «Լրիւ անիմաստ է խօսիլ մեծ համաձայնագիրի մասին, երբ հիմնական սկզբունքներու շուրջ համաձայնութիւն չկայ: Ատիկա ինչի հիման վրայ պէտք է ըլլայ: Ես կը կարծեմ, որ ռուսական զանգուածային լրատուամիջոցներու մեկնաբանութիւնները այլ բան նկատի կ՛ունենան, որ Ռուսիան հաշուի կ՛առնէ Ազրպէյճանի տեսակէտները, սակայն իրական ոչինչ կայ, քանի որ Ռուսիա Ազրպէյճանի տեսակէտները աւելի հաշուի չ՛առներ, քան Հայաստանի տեսակէտները»:
ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն յայտնեց, որ միջազգային համաժողովի ծիրին մէջ Պաքու հրաւիրուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցը, որուն ներկայացուցիչները սակայն նպատակայարմար չգտնելով` մերժած են հրաւէրը:
Մանոյեան չցանկացաւ անդրադառնալ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի ելոյթի բովանդակութեան: Չմասնաւորացնելով, սակայն անդրադառնալով Պաքուի մէջ կազմակերպուող համաժողովներուն հայկական կողմի մասնակցութեան նպատակայարմարութեան` Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ Եւրոնեսթի խորհրդարանական ժողովին չմասնակցիլը ճիշդ չէր ըլլար, բայց ճիշդ չէ ըսել, որ բոլոր ժողովներուն մասնակցիլը ճիշդ չէ:
«Ասիական կուսակցութիւններուն միջազգային ժողովը ցոյց տուաւ, որ ատիկա ամբողջութեամբ Ազրպէյճանի ազդեցութեան տակ է, այսպիսի ժողովներուն մասնակցութիւնը ճիշդ չէ, որքան ալ փորձեն հակառակը ըսել: Վերջին այցելութիւնը Պաքու փաստեց, որ բոլոր այլ միջազգային ժողովներուն, որոնց մենք պիտի հրաւիրուինք պատասխանելու, չի նշանակեր, որ պէտք է դրական պատասխան տանք: Այս պարագային Ազրպէյճան եւս խայտառակ եղաւ: Ասիկա որոշ տեղ Րաֆֆիի կատարած քայլերուն արդիւնքն էր. անիկա նամակ գրեց, յայտարարեց եւ այլն: Բայց վստահ չեմ, որ կ՛արժէր», մանրամասնեց իր տեսակէտը Կիրօ Մանոյեան` շարունակելով, որ բազմիցս տեսած ենք, որ ժողովներ գումարուած են եւ ի՛նչ տեսակէտներ հնչած են, ուստի անոնց բոլորին հակադարձել փորձելը ճիշդ չէ:
Դաշնակցական գործիչը յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ հայ համայնքի գործունէութիւնը մօտ հազար տարուան պատմութիւն ունի: Որքան ալ ծանր է իրավիճակը, հայ համայնքը թիրախ չէ դարձած եւ հակառակ կորուստներուն` կը շարունակէ մնալ Սուրիոյ մէջ եւ պէտք է աջակցիլ անոր: Մանոյեանի կարծիքով` սուրիահայերու խնդիրներուն լուծման ուղղուած Հայաստանի կառավարութեան ջանքերը բաւարար են: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ բնակող հայերուն նաեւ բաւական բաներ կատարած է Հայաստանի կառավարութիւնը, բայց պէտք չէ ամէն բան ըսել:


