ՀՅԴ-ն Ամփոփեց Քաղաքական Խորհրդակցութեանց Արդիւնքները
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան յայտնեց, որ ՀՅԴ արդէն ամփոփած է արդիւնքները իր նախաձեռնած քաղաքական խորհրդակցութիւններուն, որոնք կ՛ընթանային ՀՅԴ-ի ներկայացուցած 7 կէտնոց ծրագիրին շուրջ: Դաշնակցութիւնը հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանական բոլոր ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ` բացառութեամբ Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն:
«Այժմ մենք կը քննարկենք, թէ ի՛նչ կարելիութիւն կայ ընդհանուր յայտարարի գալու: Մեր ներկայացուցած ծրագիրի որեւէ կէտին շուրջ համաձայնութիւն չձեւաւորելը մեզի համար խնդիր է: Եթէ ծրագիրին բովանդակութիւնը պիտի խաթարուի, մենք այդտեղ խնդիր կը տեսնենք», նշեց Արսէն Համբարձումեան: Ան նաեւ տեղեկացուց, որ ՀՅԴ-ն կամ 6 դեկտեմբերին «Էրեբունի փլազա» պանդոկին մէջ լայն ձեւաչափով քննարկումներ կատարելու նախնական որոշում ունի: Քննարկման պիտի հրաւիրուին քաղաքական գործիչներ, ինչպէս նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ:

