Պասքըն Օրան Կը Գրէ. «Թուրքիոյ Նախագահական Պալատը Հայ Ընտանիքէ Մը Խլուած Տուն Է»

Ըստ «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան, թուրք պատմաբան Պասքըն Օրան թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթին մէջ գրած է, որ Թուրքիոյ նախագահական Չանքայա պալատին մէջ գտնուող թանգարան-պալատը կը պատկանի Գասապեաններու ընտանիքին, որ այդտեղ ապրած է մինչեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ան այդ քայլին դիմած է, որովհետեւ «Միլլիյէթ»-ի Անգարայի բաժանմունքի ղեկավար Սերփիլ Չեւիքճան իր «Այն օրուան պէս» յօդուածին մէջ նշած է, թէ Թուրքիոյ նախագահական պալատին մէջ գտնուող թանգարան-պալատը «Աթաթուրքին նուիրած են անգարացիները»:

Օրաթերթի ընթերցողներէն Սետաթ Էօքթեմ յօդուածին առնչութեամբ նշած է, որ նախագահական պալատը ոչ թէ նուէր է Աթաթուրքին, այլ «ատիկա բռնագրաւուած է 1915-ին բռնի տեղահանուած Գասապեան հայ ընտանիքէն»: Պասքըն Օրան իր կարգին աւելցուցած է, որ Գասապեանները այդ պալատը ո՛չ մէկուն նուիրած են, ո՛չ ալ վաճառած: «Պետութիւնը այդ պալատը եւ հայերուն պատկանող բազմաթիւ կալուածներ խլած է: Ըսուած է, թէ հետագային անոնք պիտի վերադարձուին, բան մը, որ տեղի չէ ունեցած: 1919-էն սկսեալ հայերուն ձգած գոյքը իշխանութեան կողմէ բռնագրաւուած կամ աճուրդի հանուած է», նշած է թուրք պատմաբանը` աւելցնելով, որ «Միլլիյէթ» իր հրապարակման մէջ պէտք էր գրէր, որ «այդ պալատը հայ ընտանիքի մը պատկանած է եւ պետութեան կողմէ բռնագրաւուած»:

Թուրքիոյ կառավարութիւնը 1983-ի, 2001-ի եւ 2006-ի հրամանագիրներով «Ազգային անվտանգութեան շահերէն» մեկնելով արգիլած է հրապարակել օգոստոս 1924-էն ետք իրագործուած արձանագրման գործողութիւնները:

Անդրադառնալով հրապարակումին` թուրք գրող Իփեք Չալըշար նշած է, որ «տունը երկար ժամանակ յիշատակուած է իբրեւ Գասապեաններու առանձնատուն»: «Տարիներ ետք, այդ ամէնը մոռցուած է: Կը նշուի, որ այդ տունը գնուած է Ռըֆաթ Էֆենտիէն: 2007-ին Գասապեաններու թոռ Էտուարտ Չուխաճը յայտարարած է, որ «իրենք Չանքայայի պալատը ոչ մէկուն վաճառած են», յայտնած է Չալըշար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES