Կառավարութիւնը Յառաջիկայ 10 Դեկտեմբերը Ճշդեց Իբրեւ Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն Աշխատավարձի Յաւելումներուն Յատուկ Նիստի Թուական

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Պաապտայի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ, զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյման կառավարութեան նիստին ընթացքին շեշտեց ընտրական օրէնքը փոփոխութեան ենթարկելու եւ արդի ընտրական օրէնք մը մշակելու անհրաժեշտութիւնը: Ան աւելցուց սակայն, որ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումը չապահովելու պարագային, անհրաժեշտ է որդեգրել միջոցառումներ` կատարելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Քաղաքական առումով, նախագահ Սլէյման ցաւ յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը խոչընդոտներու դէմ յանդիման կը գտնուի:

«Իսկ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կարտինալական ձեռնադրութիւնը լիբանանցիները համախմբող առիթ մըն էր, ինչպէս որ էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի նախագահը հիւրընկալելու պարագան», ըսաւ ան:

Հանրապետութեան նախագահը կառավարութեան ներկայացուց նաեւ Հայաստանի նախագահին պաշտօնական այցելութեան արդիւնքները:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Հայաստանի նախագահին Լիբանան այցելութիւնը եղած է կարեւոր` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ հայութեան գոյութիւնը եւ աւելցնելով, որ իրենց միջեւ համաձայնութիւններ գոյացած են` երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու առումով:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց վճռական ըլլալու փտածութեան թղթածրարներու պարագային, յատկապէս ինչ կը վերաբերի նեխած մսեղէնի եւ կեղծուած դեղորայքի պարագաներուն:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց Նոր տարուան նախօրեակին դիմելու անհրաժեշտ միջոցառումներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ ամրապնդել լիբանանեան ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ լուծել երթեւեկի խճողումին հարցը:

Հանրապետութեան նախագահը կառավարութեան փոխանցեց, որ ինք յառաջիկայ 6 դեկտեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի ուղղուի Յունաստան:

Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը Լահուտ Լահուտը վարչապետարանի հանրային յարաբերութիւններու ընդհանուր տնօրէն նշանակեց, իսկ ճարտարապետ Սանա Սայրաուանը նշանակեց նախարարաց խորհուրդի թեքնիք բաժանմունքի տնօրէն:

Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք նիստէն ետք կարդաց կառավարութեան որոշումները, որոնց շրջագիծին մէջ նշեց, որ կառավարութիւնը քննարկած է 96 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, իսկ օրակարգէ դուրս քննարկած է պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին ֆինանսաւորումը եւ այդ թղթածրարը խորհրդարան փոխանցելու մանրամասնութիւնները:

Այս թղթածրարին քննարկումը կատարուեցաւ հիմնուելով նախորդ նիստին ընթացքին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի կատարած լուսաբանութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ արձանագրուող սենտիքայական շարժումներուն լոյսին տակ:

Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է այդ թղթածրարին վերաբերեալ յատուկ նիստ մը գումարել յառաջիկայ 10 դեկտեմբերին` նկատի ունենալով, որ ելեւմուտքի նախարարին կողմէ համաձայնութիւն յայտնուած է այդ թղթածրարը խորհրդարան փոխանցելու առնչութեամբ:

Կառավարութիւնը քննարկեց նաեւ Լիբանանի մէջ յաւելեալ բանտեր կառուցելու ծրագիր մը, որ 250 միլիոն տոլար կ՛արժէ: Այդ ծրագիրը կ՛ընդգրկէ Ռումիէի բանտին ընդարձակումը, ինչպէս նաեւ բանտեր կառուցել Քֆուրի, Թալ Աամարայի եւ Մըժտլայայի մէջ:

«Կառավարութիւնը քննարկեց նաեւ Քըլէյաաթի մէջ «Ռընէ Մուաուատ» օդակայանին գործարկման կարելիութիւնները», ըսաւ Տաուք:

Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը առ հաշիւ գումար տրամադրեց ընկերային հարցերու նախարարութեան եւ Շտապ օգնութեան խորհուրդին` սուրիացի գաղթականներուն կարիքները հոգալու նպատակով:

Տաուք նաեւ նշեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կառավարութեան փոխանցած է Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները, որոնց շրջագիծին մէջ նաեւ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի ցուցաբերած հասկացողութիւնը` Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքին առնչութեամբ:

Տաուք յայտնեց, որ Միքաթի կառավարութիւնը նիստի մը հրաւիրեց յառաջիկայ 3 դեկտեմբերին, ինչպէս նաեւ առաջարկեց այլ նիստ մը գումարել` քննարկելու համար պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը:

ՆՇԵՆՔ, որ նախագահ Սլէյման Ազգային երկխօսութեան նիստի թուական ճշդեց յառաջիկայ 7 յունուար 2013-ը:

 

Share this Article
CATEGORIES