Վարչապետ Միքաթի Ամոսի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Գաղթականներուն Հարցը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի մարդկային հարցերու ներկայացուցիչ Վալերի Ամոսը` ներկայութեամբ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ մարդասիրական հարցերու առումով Լիբանան չէզոք կեցուածք չ՛ուզեր ճշդել:
Միքաթի վերահաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պատասխանատու կը մնայ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ իր օժանդակութեան յանձնառութեան, մինչեւ որ անոնք վերադառնան իրենց երկիրը:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ իր որդեգրած չէզոք կեցուածքին, որ սակայն մարդկային պարտականութիւններէն չի հրաժարիր:
Ան աւելցուց, որ սուրիացի գաղթականներուն կարիքները կը գերազանցեն լիբանանեան պետութեան կարողութիւնները եւ հաստատեց, որ Լիբանան կարիք ունի միջազգային օժանդակութեան, յատկապէս այն իրականութեան համար, որ սուրիացի գաղթականներուն թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ:
Հանդիպումէն ետք Ամոս գոհունակութիւն յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքին առնչութեամբ եւ աւելցուց, որ ինք Լիբանանի կառավարութեան պատասխանատուներուն հետ քննարկած է անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները` սուրիացի գաղթականները լիբանանեան հողերուն վրայ հիւրընկալելու առումով: Ան խոստացաւ զօրակցիլ Լիբանանի կառավարութեան:
Նախարար Ապու Ֆաուր իր կարգին հաստատեց, որ սուրիացի գաղթականներուն համար գաղթակայաններ կառուցելու ոչ մէկ հաւանականութիւն կայ:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի նախագահեց նաեւ սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող նախարարական նիստի մը:


