«Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Խորհրդարանի Նիստերուն Չեն Մասնակցիր, Որպէսզի Ընտրական Նոր Օրէնք Մը Չմշակուի» Շեշտեց Զօր. Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու երեսփոխաններուն կողմէ խորհրդարանի նիստերուն մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելուն հիմնական նպատակն է առիթ չտալ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումին:
«Բոլոր լիբանանցիները համախոհութիւն գոյացուցած են 1960-ի ընտրական օրէնքին անարդար ըլլալուն գծով, եւ մենք պիտի չարտօնենք, որ ոմանք մարոնի համայնքի Ռայի պատրիարքը համոզեն 1960-ի ընտրական օրէնքով: Մենք պիտի արգիլենք, որ քաղաքական որոշ կողմեր անարդարութեամբ եւ անճիշդ ներկայացուցչութեամբ համոզեն պատրիարքը», ըսաւ զօր. Աուն:
Անդրադառնալով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի նախաձեռնութեան` զօր. Աուն շեշտեց, որ ինք այդ մասին ոչինչ կ՛ուզէ ըսել, նախքան նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները իմանալը:


