Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որմէ բացակայեցան Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն անդամ երեսփոխանները:
Նիստէն ետք երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ դիւանը համաձայն է, որ խորհրդարանական յանձնախումբերը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը, որովհետեւ անոնք խորհրդարանի խոհանոցը կը նկատուին, եւ կարելի չէ այդ խոհանոցին աշխատանքները արգելակել` խոչընդոտելով խորհրդարանին պատրաստած բոլոր ծրագիրները:
Միւս կողմէ, երէկ Պըրրի չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ շարք մը երեսփոխաններու հետ, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս խորհրդարանական աշխատանքներն ու ընտրական օրէնք մը մշակելու կարելիութիւնները:
Պըրրի զարմանք յայտնեց խորհրդարանի նստաշրջանը երկարաձգելու առումով կատարուած յայտարարութիւններուն առնչութեամբ եւ շեշտեց, որ այս հանգրուանին պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել խորհրդարանի աշխատանքները աշխուժացնելու եւ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու:


