Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Կը Խոստանայ Յաւելեալ Գործադուլներ Կատարել Եւ Մագլցողական Քայլերու Դիմել

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ գործադրեց ընդհանուր գործադուլ մը, որուն շրջագիծին մէջ կարգ մը շրջաններու դպրոցները մնացին փակ, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւնները մնացին ամայի եւ պաշտօնէութենէ զուրկ:

Խորհուրդին կազմակերպած գործադուլին ծիրին մէջ գործադրուեցաւ կեդրոնական նստացոյց մը` յաւելուած արժէքի տուրքի Պէյրութի կեդրոնին դիմաց:

Նստացոյցին մասնակիցները կառավարութիւնը ամբաստանեցին պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը խորհրդարան փոխանցելու քայլը յապաղեցնելու յանցանքով: Անոնք սպառնացին փողոցէն չհեռանալ եւ մագլցողական յաւելեալ քայլերու դիմել` այդ պահանջին չընդառաջելու պարագային:

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ իրենց յայտարարած երկօրեայ այդ գործադուլը սկիզբ մը կը նկատուի պետական մարզը անդամալուծելու:

Իր խօսքը ուղղելով նստացոյցին եւ գործադուլին մասնակիցներուն` Ղարիպ հաստատեց, որ անոնք յաջողած են երկու օր անդամալուծել երկրին պետական մարզը, «հետեւաբար յառաջիկային խորհուրդը մագլցողական յաւելեալ քայլերու պիտի դիմէ», ըսաւ ան:

Ղարիպ շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը ինչպէս որ է փոխանցէ լիբանանեան խորհրդարան եւ ոչ թէ մասնավճարի դրութեամբ, «իսկ եթէ այդպէս ըլլայ, ապա բաց նստացոյցեր պիտի կազմակերպուին», ըսաւ ան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES