Ազգային Պայքարի Ճակատ Պլոքի Նախարարները Այցելեցին Շէյխ Նայիմ Քասեմի

Շէյխ Քասեմի հետ հանդիպումէն պահ մը

Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախարարներ Ղազի Արիտի եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատասխանատուներ երէկ այցելեցին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի, որուն ներկայացուցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մշակած երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք շէյխ Քասեմ հաստատեց, որ Հըզպալլա կը զօրակցի առանց նախապայմանի երկխօսութեան, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ երկրին շահերը ապահովել եւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն միջեւ գործակցութիւն հաստատել:

Արիտի իր կարգին յայտնեց, որ համաձայնութիւնը հիմնուած է երկխօսութեան անհրաժեշտութեան վրայ, ինչպէս նաեւ առանց բացառութեան հասարակ յայտարարներու յանգելու ծիրին մէջ:

«Այս նախաձեռնութիւնը պատրաստուած է այն համոզումով, որ ի վերջոյ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պիտի վերադառնան երկխօսութեան», ըսաւ ան:

Արիտի յայտնեց, որ պէտք է երկխօսութիւնը շարունակել, որպէսզի կարելի ըլլայ յաւելեալ քննարկումներ կատարել եւ յաւելեալ աշխատանք ի գործ դնել: Ան աւելցուց, որ այս նախաձեռնութիւնը կը միտի ամբողջացնել հանրապետութեան նախագահին առաջադրած նախաձեռնութիւնը:

«Մեր կարծիքով, Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելը իրաւունք է, սակայն անիկա երկրին հարցերը լուծելու միջոց չի նկատուիր», շեշտեց ան:

 

Share this Article
CATEGORIES