Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին յայտնեց, որ կառավարական կազմի փոփոխութիւնը կարելի պիտի չըլլայ, մինչեւ որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը համաձայնին կառավարութեան նոր կազմի մը շուրջ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտը, ինչպէս նաեւ Մարոնիներու լիկայի գործադիր խորհուրդի անդամ Թալալ Տուէյհին: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիել Քաչիան:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ կառավարութիւնը կայ ու կը գործէ` աւելցնելով, որ փոփոխութիւնը կ՛իրականանայ հրաժարականով կամ խորհրդարանին մէջ վստահութեան քուէն յետս կոչելով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Հըզպալլա երկխօսութեան ջատագովն է եւ կը մերժէ իր վրայ բանեցուած որեւէ ճնշում:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը ոտնձգութիւններ գործեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ` թռիչքներ կատարելով հարաւային Լիբանանի վերեւ:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի կողմէ Իքլիմ Խարրուպի մէջ որեւէ շարժում արգիլուած է` այդ շրջանին մէջ լարուածութիւնը կանխարգիլելու համար:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի շեշտեց, որ մտքի եւ խօսքի ազատութիւնները կրնան ատելութեան վերածուիլ, եթէ անոնք ծայրայեղօրէն օգտագործուին:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու իմաստով լուրջ մտահոգութիւններ կան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ, անդրադառնալով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու պատուիրակութեան Կազա այցելութեան, յայտնեց, որ Կազայի մէջ կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէ հպարտութիւն յայտնած է Իսրայէլի դէմ լիբանանցիներուն պայքարին եւ գոյատեւումին առումով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան կոչ ուղղեց Մարտ 14-ի քրիստոնեայ քաղաքական ուժերուն ուղղուելու խորհրդարան եւ ճնշում բանեցնելու` ընտրական օրէնքը փոփոխութեան ենթարկելու գծով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Շաթահ շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի այնպիսի իշխանութեան մը, որ բոլորին վստահութիւնը կը վայելէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Ֆարաոն հաստատեց, որ իրենք կարիքը ունին Լիբանանի կառավարութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու մասին երկխօսութիւն կատարելու եւ ապա վերադառնալու Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութեան քննարկումին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը անշեղ կը մնան լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու իրենց կեցուածքէն:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը դրուատեն մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կատարած այն յայտարարութիւնը, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, նոյնիսկ եթէ անոնք 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ կատարուին:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 100 լ. ոսկիով, իսկ մազութին եւ կազին սակերը կը մնան անփոփոխ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր շեշտեց, որ կուսակցութեան մշակած նախաձեռնութիւնը առիթ կու տայ քննարկելու կառավարական նոր կազմի մը կարելիութիւնը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, սալաֆական շէյխ մը, որ տեղական եւ միջազգային առումով պահանջուած է, հանդիպումներ կ՛ունենայ լիբանանեան ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներու հետ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES