«Ռուսիա Սուրիական Հարցերուն Արտաքին Միջամտութեան Դէմ Է Եւ Սուրիոյ Մէջ Զինեալ Տագնապին Մասնակցելու Մտադրութիւն Չունի» Ըսաւ Լաւրով

Սերկէյ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ռուսական «Արկումենթի է ֆաքթի» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Ռուսիա սուրիական հարցերուն արտաքին միջամտութեան դէմ է եւ Սուրիոյ մէջ զինեալ տագնապին մասնակցելու մտադրութիւն չունի»` նշելով, որ «Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ զինուորական թեքնիք գործակցութեան նպատակը Միջին Արեւելքի մէջ կայունութեան պահպանումն է եւ ոչ մէկ օր անոր նպատակը սուրիական ներքին բեմին վրայ որեւէ ուժի աջակցիլ եղած է»:

Ան ըսաւ, որ Ռուսիա իր կարելին կ՛ընէ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու եւ հակամարտող կողմերը բանակցութեան սեղան նստեցնելու համար, որպէսզի անոնք երկրին ապագայ քաղաքական վարչակարգին ուրուագիծին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց, որ իր երկիրը ոչ ոք կը քաջալերէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ պատերազմը շարունակելու, ինչ որ պատերազմ մըն է, որ միայն սուրիացի ժողովուրդին տառապանքը կ՛աւելցնէ:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «անիրաւութիւնը ուշ կամ կանուխ անպայման վերջ պիտի գտնէ, իսկ անիրաւները երկար պիտի չտեւեն, որքան ալ ժամանակը երկարի կամ բռնանան»` աւելցնելով, որ «անիրաւները անպայման պիտի դադրին գոյութիւն ունենալէ եւ անոնց հետ պիտի չքանան նաեւ անոնց գործած անիրաւութիւնները, եւ թերեւս պատմութեան իրադարձութիւնները մեզի այդ մէկը կը հաստատեն»:

«Մենք սուրիացի ժողովուրդին հետ նուազագոյն հարցը չունինք: Մեր հարցը երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող վարչակարգին հետ է», նշեց Էրտողան:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի յայտնեց, որ սուրիական տագնապին նկատմամբ Արեւմուտքի վարմունքը սխալ է` նշելով, որ զէնքի ճամբով ժողովրդավարութեան հասնելու փափաքը ահաբեկչութեան աճին կ՛առաջնորդէ:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ ողջունեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի` մարդկային իրաւանց ոտնահարումներուն վերջ տալու համար ուղղած կոչը:

 

Share this Article
CATEGORIES