Միջազգային Դրամատունէն Օժանդակութիւն Կազային. 5 Դեկտեմբերին Նախատեսուած Այցելութեան Ընթացքին Էրտողան Կրնայ Մաշաալի Ընկերակցիլ

Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Մատրիտէն Անգարա վերադարձի ճամբուն վրայ զինք փոխադրող օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ կրնայ Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալի ընկերակցիլ այս վերջինիս 5 դեկտեմբերին նախատեսուած Կազա այցելութեան ընթացքին:

Էրտողան նշած է, որ «Խալետ Մաշաալի հետ խօսեցայ, եւ կրնամ Կազա այցելութեամբ մը ձեզի անակնկալի մատնել: Զիս հրաւիրեց եւ ըսաւ, որ իրենք պատրաստ են»:

Միւս կողմէ, միջազգային դրամատունը յայտարարեց, որ Կազայի մէջ ջուրի մատակարարման համակարգի եւ կոյուղիներու համակարգի բարելաւումը ֆինանսաւորելու համար 6.4 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ:

Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ Միջազգային դրամատան տնօրէն Միրիամ Շըրման յայտնեց, որ «մենք մտահոգ ենք աշխարհի մէջ ամէնէն խիտ բնակչութիւն ունեցող շրջաններէն Կազայի մէջ մաքուր ջուրի մատակարարման նուազումով եւ ջուրի աղբիւրներու որակի անկումով»:

Share this Article
CATEGORIES