Թալապանի. «Հակառակ Պաղտատի Հետ Հարցերուն, Քիւրտերը Իրաքէն Պիտի Չանջատուին»
Իրաքի նախագահ Ժալալ Թալապանի «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «հակառակ ինքնավար մարզի կառավարութեան եւ Պաղտատի կառավարութեան միջեւ իրերայաջորդ հարցերուն, քիւրտերը Իրաքէն պիտի չանջատուին»:
Ան ըսաւ, որ «քիւրտ ժողովուրդը մեծամասնութեամբ քուէարկեց ի նպաստ սահմանադրութեան, որուն հիմամբ ներկայ դաշնակցային Իրաքը կազմուեցաւ, եւ իր կամքով համաձայն գտնուեցաւ սահմանադրութեան, երբ 2003-ին Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգի տապալումէն ետք այդ սահմանադրութիւնը իրեն ներկայացուեցաւ»:
Իրաքի քիւրտ նախագահը անջատման կարգախօսը «ոչ իրատեսական» նկատեց` յայտնելով, որ «քիւրտերը տկար Իրաք մը չեն ուզեր, այլ ուժեղ Իրաք մը, սակայն այն մտավախութիւնը ունին, որ կեդրոնական կառավարութիւնը զէնքերը իրենց դէմ օգտագործէ»:
CATEGORIES Միջազգային

