Հայ Առեւանգեալ Մը Վերադարձուած Է Իր Հարազատներուն
Երէկ «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ նշեց, թէ հակառակ անոր որ Հալէպի մէջ զանազան կողմերէ կը լսուին պայթումներ եւ ռմբակոծումներ` մէջընդմէջ կրակոցներով համեմուելով, յամենայն դէպս քաղաքի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ ուղղակի ընդհարումներ չկան, բայց որեւէ երաշխիք չկայ կացութիւնը բնականոն ենթադրելու:
Ժիրայր Ռէյիսեան նաեւ հաղորդեց, որ անցնող օրերուն Գամիշլիէն Հալէպ ճամբուն վրայ առեւանգուած Արմէն Ճուքճուքեան վերադարձուած է իր հարազատներուն:
Մէկ Հայ Զոհ` Դամասկոսի Ժարամանա
Շրջանի Պայթումներուն Պատճառով
Երէկ երեկոյեան Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտ երկու պայթումներ խանգարեցին մայրաքաղաքի արուարձաններէն Ժարամանա շրջանին հանդարտութիւնը. երկու ականուած ինքնաշարժներ իրերայաջորդ կերպով պայթեցան շրջանի կեդրոնական հրապարակին վրայ` պատճառելով ծանր վնասներ շուրջի շէնքերուն եւ ինքնաշարժներուն:
Ներքին գործոց նախարարութեան աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ահաբեկչական արարքին պատճառով զոհուածներու թիւը 4 տասնեակէ աւելի է, իսկ վիրաւորները աւելի քան 80 են: Աւելի ուշ պարզուեցաւ, որ զոհերուն մէջ կայ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած մէկ հայ կաթողիկէ` Ֆատի Պոլo: Ժարամանա շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած են մօտ 400 հայ ընտանիքներ:

