ԺԻՒՏՕ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2 ՄԵՏԱԼԻ ՏԻՐԱՑԱՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Անգարայի «Արենա» մարզահամալիրին մէջ աւարտեցաւ Ուորլտ Չըլտրընզ Կէյմզ փառատօնի ծրագիրով ժիւտոյի մրցումներուն առաջին օրը:

Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Դաւիթ Խիտարեան ըսաւ, որ Հայաստանի կրտսերներու հաւաքականը բաւարարուեցաւ մէկ արծաթ եւ մէկ պրոնզ մետալով:

38 քկ դասակարգին մէջ արծաթ մետալին տիրացաւ Էտկար Գառնիկեան, որ շատ չնչին կէտով պարտուեցաւ ռումանացի իր մրցակիցէն, իսկ Հայաստանի համար պրոնզ մետալ ապահովողը հանդիսացաւ Գոռ Յակոբեան` 42 քկ դասակարգին մէջ: Սամուէլ Խաչատրեան (46 քկ) գրաւեց 5-րդ դիրքը` առանց մետալի մը տիրանալու:

Share this Article
CATEGORIES