ՌԱՈՒՏԱՅԻ ՄԷՋ. ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ` «ԷՀԼԱՆ» ՀԱՆԴԻՍԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ Ռաուտայի «Էհլան» կեդրոնին, երէկ` ուրբաթ, 29 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Էհլան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակի ոգեկոչում:

Վասն բացման խօսքի Շողիկ Եփրեմեան ընթերցեց Բիւզանդ Հատիտեանի «Դեռ կը քնանա՞ք» գրութիւնը: Եփրեմեան ըսաւ, որ պէտք է վառ պահուի Հայ դատը միջազգային դատարանի առջեւ, եւ շարունակելով մէջբերել հեղինակին գրութենէն` աւելցուց, որ միջազգային խաղաղութեան եւ հասկացողութեան բանալին է հայկական խնդիրը, որ եթէ լուծուի, ապա ուրիշ բազմաթիւ դատեր բնականաբար պիտի լուծուին:

Քեւըն Պագալեան դաշնակով նուագեց երաժշտական կտոր մը, որմէ ետք խօսք առաւ վեր. Յովհաննէս Սվաճեան, որ նշեց, թէ հայութեան հարցը կարեւոր է, եւ հայութիւնը հաւաքաբար պէտք է հետապնդէ իր դատը: Վեր. Սվաճեան հաստատեց, որ պէտք չէ թուլնալ ու տկարանալ դժուարութիւններուն դիմաց, այլ` յաղթահարել դժուարութիւնները: Վեր. Յովհաննէս Սվաճեան կոչ ուղղեց քննութեան առարկայ դարձնելու հաւատքը վերանորոգելու ուխտը:

Ապա ներկաները դիտեցին վերապրողներու մասին վկայութիւններ, ինչպէս նաեւ Հրանդ Տինքին մասին տեսաերիզ մը:

Օրուան երկրորդ պատգամը փոխանցեց Արմէն Ապտալեան, որ յայտնեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայութիւնը միայն մարդկային զոհ չտուաւ, այլեւ դարձաւ հայրենազուրկ: Ան հաստատեց, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին սեմին հայութիւնը պէտք է համահայկական ջանքերով հատուցում պահանջէ:

Խօսելէ ետք իսլամացած եւ թրքացած հայերուն խնդիրներուն մասին` Արմէն Ապտալեան հաստատեց, որ Արեւմտահայաստանի մէջ գոյութիւն ունին արմատներով եւ արիւնով հայեր, որոնք ունին ինքնութեան փնտռտուքի հարց: Ապտալեան շեշտեց, որ Հայ դատի պայքարին մէջ իւրաքանչիւր հայ ընելիք ունի, որպէսզի իրականանան հայութեան հաւաքական նպատակները:

Կասիա Հաճեքեան ասմունքեց Յակոբ Նալպանտէն քերթուած մը, իսկ Յակոբ Գելուկեան տուտուկով նուագեց երկու երաժշտութիւն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES