ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. ՊԱՅՔԱՐ` ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՄԱՐ
1886 թուականին Միացեալ Նահանգներու Շիքակօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ եռօրեայ ընդհանուր գործադուլ մը, որուն մասնակցեցան աշխատաւորներ, արհեստաւորներ, մանր առեւտրականներ եւ գաղթականներ` աշխատանքի պայմանները բարելաւելու եւ արժանապատիւ կեանք ապահովելու նպատակով: Գործադուլին վերջին օրը տեղի ունեցած միջադէպի մը ընթացքին, քաղաքի գործարաններէն մէկուն մէջ ոստիկանութիւնը կը սպաննէ գործադուլին մասնակից չորս աշխատաւորներ:
Յաջորդ օրը քաղաքին Հայմարքեթ Սքուեր հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ մարդկութեան պատմութեան մէջ աշխատաւորական առաջին մեծ ցոյցը, զոր ցրուելու համար ոստիկանութիւնը կրակ բացաւ ցուցարար աշխատաւորներուն վրայ: Այդ միջոցին աշխատաւորներու շարքերուն մէջէն յեղափոխական երիտասարդ մը դուրս եկաւ եւ համախմբուած ոստիկաններուն վրայ նետեց ռումբ մը:
Ռումբին պայթիւնը եւ ոստիկանութեան դաժան հակազդեցութիւնը պատճառեցին տասնեակ մը զոհեր, ներառեալ` ոստիկանի մը մահը: Յաջորդեցին զանգուածային ձերբակալութիւններ: Կատարուեցան ցուցադրական դատավարութիւններ, որոնց ընթացքին ութ ամբաստանեալներ դատապարտուեցան իրենց որդեգրած քաղաքական սկզբունքներուն եւ ոչ թէ ռումբի պայթումին հարցով: Ամբաստանեալներէն չորսը կախաղան բարձրանալու վճիռ ստացան:
Հայմարքեթ Սքուերի միջադէպը համաշխարհային մակարդակի վրայ խոր ընդվզում յառաջացուց աշխատաւորական շրջանակներուն մօտ: Ընկերավարական Բ. միջազգայնականը խստիւ դատապարտեց խաղաղ աշխատաւորներու բողոքին բիրտ ճնշումը եւ միջադէպին օրը` Մայիս 1-ը յայտարարեց Աշխատաւորներու միջազգային օր:
Վաղը աշխարհի աշխատաւորները դարձեալ ժամադրուած են ճակտի քրտինքով վաստկած իրենց հացը պաշտպանելու պայքարի օրուան հետ: Շիքակոյի դէպքէն 125 տարի անցած է արդէն, սակայն աշխատաւորական իրաւունքներուն ձեռքբերման համար այդ առաջին զօրաւոր առճակատումին արձագանգները տակաւին կը լսուին: Արհեստագիտութեան զարգացման ներկայ դարաշրջանին մէջ աշխատաւորական պահանջատիրական պայքարին մէջ ընդգրկուած են ոչ միայն սեւագործ բանուորները, այլեւ ամէն տեսակի մտքի աշխատաւորները, արհեստաւորները, իշխող դասակարգին ճնշումին տակ կքած մարդիկ, աշխարհի բոլոր իրաւազրկուածները` ըլլան անոնք անհատներ թէ հաւաքականութիւններ:
Այսօր ալ դժբախտաբար աշխարհի վրայ կան իշխողներ եւ իշխուողներ, տիրապետողներ եւ տիրապետուողներ, ընկերային եւ տնտեսական մակարդակներու վրայ շահագործողներ եւ շահագործուողներ: Մայիս 1-ը պայքարի օրն է ոչ միայն ընկերային-տնտեսական ինչ որ իրաւունքներ ձեռք ձգելու աշխատաւորութեան օգտին: Անիկա նախ եւ առաջ աղքատ աշխատաւորներու եւ իրաւազրկեալներու պայքարի օրն է` յանուն թէ՛ համաշխարհային եւ թէ՛ տեղական-ազգային մակարդակներու վրայ ամէն տեսակի եւ մանաւանդ ընկերային-տնտեսական շահագործումի, կեղեքումի եւ խտրականութեան երեւոյթները բացառող ընկերային նոր համակարգի հաստատման` ներքին հակասութիւններով լի տիրող դրամատիրական համակարգին փոխարէն:
Մայիս 1-ը ջրբաժանի օրն է: Ջրբաժանի օրն է աշխատաւորական զանգուածները «ընկերային արդարութեան» պղտոր կարգախօսով օրօրելու եւ աշխատանքին արդիւնքը աշխատաւորին սեփականութիւնը դարձնելու, եկամուտները աւելի արդար ձեւով բաշխելու եւ մարդոց միջեւ կարելի եղածին չափ իրաւ հաւասարութիւն ստեղծելու միջեւ:
Թէեւ աշխատաւորական շարունակական պայքարի շնորհիւ բազմաթիւ իրաւունքներ ձեռք բերուեցան, սակայն ճամբան շատ երկար է տակաւին վերջնական նպատակները իրագործելու: Աշխարհը տակաւին ամբողջապէս դուրս չէ ելած դրամատիրական համակարգի ներքին հակասութիւններուն ծնունդ դարձած միջազգային տնտեսական տագնապէն, որ մեծ հարուած հասցուց տնտեսական բոլոր մարզերուն անխտիր, եւ այս տագնապէն առաջին տուժողը եղաւ աշխատաւորութիւնը: Տեղ մը եկաւ, որ տագնապին դեղատոմսեր գտնելու համար նոյնինքն դրամատիրական համակարգին տեսաբանները սկսան դիմել ընկերվարութեան դասականներուն, որոնց շարքին` Մարքսի եւ Էնկելսի մտածումներուն…
Վաղը աշխատաւորները, մտաւորականները, արհեստաւորները, գիւղացիները եւ ամէն տեսակի իրաւազուրկները դարձեալ ժամադրուած են աշխարհի կեդրոններուն հրապարակներուն վրայ` պայքարի իրենց ձայնը բարձրացնելու: Առանց ներքին հակասութիւններու արդար համակարգ ստեղծելու համար: Իրենց համար արժանապատիւ կեանք ապահովելու… Այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ առաջնահերթ է ամբողջ աշխարհի աշխատաւորներուն միացումը` իրենց արդար իրաւունքներուն տիրացման համար:
ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ