50 Տարի Առաջ (30 Նոյեմբեր 1962)
Ընկ. Գ. Մխիթարեանի Վերջին Վայրկեանները
Վերջին Պատգամը Շրթունքին Կ՛իյնայ Բեմին
Վրայ Շանթահար, Ընկերներու Գրկին Մէջ
«Հայրենիք» նոյեմբեր 27 թիւին մէջ հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ ընկ. Գուրգէն Մխիթարեանի վերջին վայրկեանները.-
Կենսուրախ, արթուն, պատրաստաբան, առողջ էր մինչեւ վերջին վայրկեան:
Անշուշտ գիտէր, գիտէինք բոլորս ալ, որ դաւադիր հիւանդութիւնը իր կուրծքին տակ էր` սրտին մէջ:
Երկու տարի առաջ, 1960-ի սկիզբը, «այցելած էր» մահը իրեն, ու վերջին երկու տարիներու ընթացքին ալ յաճախ ընտանեկան իր երկու բժիշկները` սրտի մասնագէտ տոքթ. Փոյնթ, եւ գուրգուրոտ ու եղբայրական սիրով հետեւողականօրէն իր առողջութեան հսկող տոքթ. Ա. Աբէլեան զգացուցած էին իրեն, թէ վտանգը կը մնայ միշտ, եւ թէ` յուզում ու յոգնութիւն կրնային ամէն րոպէ սպառնալ իր կեանքին:
Առանց արհամարհելու բժիշկներուն զգուշաւորութեան թելադրանքները ու մեր ամէնօրեայ միջամտութիւնները` իր ըրածին ու ընելիքին, Գուրգէն կ՛անսայ սակայն իր ՀԱՒԱՏՔԻ ՁԱՅՆին:
Իրեն համար կարեւորը այն չէր, կարծես, ինչ որ գիտութիւնը եւ գուրգուրանքը ըսել կու տային մէկուն ու միւսին: Կարեւորը ի՛ր իսկ ներքին ձայնն էր, որ ո՛չ տրամաբանութեան կը հաւատար, ո՛չ գիտութեան հրահանգին եւ ո՛չ ալ մտերիմներու թախանձանքին: Կը հաւատար բացառապէս կոչումին:
– «Սեղանիս առջեւ պիտի մեռնիմ»…
Իր վերջին ու վճռական պատասխանը ա՛յս էր` բոլոր անոնց, որոնք չափաւորութիւն ու հանգիստ կը յանձնարարէին իրեն: Իր արժանապատուութեան դէմ վիրաւորանք կը նկատէր ընկերներու յարգանքէն ու խանդաղատանքէն թելադրուած ամէն հրաւէր` չյոգնելու, խորապէս համոզուած ըլլալով հանդերձ, թէ անոնք իրմէ շա՜տ աւելի կը գուրգուրային իր առողջութեան վրայ:
– «Սեղանիս առջեւ պիտի մեռնիմ»…
Այսպէս ըսած, այսպէս ապրած են մեր բոլոր մեծերը:
Սակայն պիտի ըսենք, նկարագիր մը բնորոշած ըլլալու համար, թէ մեր անմոռանալի Գուրգէնը, ամէ՛ն վայրկեան մահուան աչքերուն մէջ նայելով ու մահուան մէկ ժանիքը սրտին մէջ` ասպարէզ կարդալու յամառ, անտեղիտալի շեշտով մը կ՛ըսէր այս բառերը…
Չմեռա՜ւ «սեղանին առջեւ», իր խմբագրական «Սեղան»-ին առջեւ: Սակայն մեռաւ սրբազան այն միւս «Սեղան»ին այն Խորանի՛ն առջեւ, ուր Դաշնակցութիւնը զոհ տուած է եւ զոհ կու տայ իր ամէնէն մեծ զաւակները:
Չմեռաւ խմբագրատան իր սենեակին մէջ. մեռաւ իր ժողովուրդի, իր ընկերներու թեւերուն մէջ, երբ հազիւ եօթը վայրկեանէ ի վեր խօսելու էր սկսած ՀՅԴ Ուստրի կոմիտէութեան տօնակատարութեան հաւաքոյթին:
Շաբաթ գիշեր ներկայ եղաւ ՀՅԴ Պոսթընի ութ կոմիտէներու ընկերական ընդհանուր ժողովին: Դաւադիր հիւանդութեան մշտակայ սպառնալիքը, ինչպէս միշտ` վերջին տարիներուն, այդ գիշեր ալ կ՛երեւէր իր դէմքին վրայ: Տժգունած, ուժաթափ մարդու մը մոյնքը ունէր: Հոն էր եկած` հակառակ զգուշաւորութեան թելադրանքներու եւ մնաց մինչեւ վերջին րոպէ:
Կիրակի, կէսօրէ անմիջապէս ետք, մեկնեցաւ Ուստր` ընկերներու հետ: Զուարթախոհ, կորովի, առողջ: Մինչեւ այն րոպէն, երբ բեմ բարձրացաւ խօսք առնելու, ո՛չ մէկ անհանգստութիւն, ո՛չ մէկ անտրամադրութիւն: Ընդհակառակն: Գացած էր ի՛ր ցանկութեամբ, չըսելու համար` իր պնդումով, գացած էր ՀՅԴաշնակցութեան Միացեալ Նահանգներու կազմակերպութեան այդ առաջին «օրրան»-ներէն մէկը` հաւատաւոր ու խանդավառ ընկերներու մթնոլորտին մէջ վերանորոգուելու:
Օրուան պատգամը մտքին ու հոգիին մէջ` յարգանքի եւ սիրոյ ընդհանուր արտայայտութեանց ընդմէջէն, կը բարձրանայ բեմ. ու հազիւ իր մտածումները բառի ու խօսքի վերածած` շրթունքներուն վրայ, կ՛իյնայ շանթահար: Կ՛իյնայ թեւերուն մէջ ընկերներու, գրեթէ անշունչ…
Հակառակ տեղւոյն վրայ ու վայրկեանապէս տարուած բժշկական խնամքներուն ու անմիջականօրէն հիւանդանոց փոխադրութեան, մեր անմոռանալի Գուրգէնը կը փակէ աչքերը յաւիտենականութեան` խոր վշտի եւ հասկնալի խռովքի մատնելով ամբողջ գաղութը:
Տոմսեր
Ինչ Է Այս Աշխարհը…
Ամերիկացի բարեկամ մը, որ հայերէն սորված է հետեւելով դասընթացքներուն, կը գանգատէր, թէ… միշտ կը գանգատինք թուրքերէն:
– Չէ՞ք կարծեր, որ յառաջդիմած կ՛ըլլան տարիներու ընթացքին:
– Թուրքիա գացա՞ծ էք, որ յառաջդիմութիւն տեսնէք:
– Ո՛չ, չեմ գացած: Եթէ ամերիկացի մը գացած ըլլար եւ վերադառնար, կ՛ուզէի իր տպաւորութիւնները լսել:
Քանի մը օր առաջ ընթեցող մը ղրկած է մեզի` «Մայամի Հերըլտ»-էն թիւ մը, ուր աշխատակից մը կը գրէր, թէ «Թուրքիա դժոխքի ծակ մըն է» ամերիկացի զինուորներուն համար: Յօդուածագիրը Թուրքիա այցելած էր եւ լսած` ամերիկացի զինուորներու տպաւորութիւնները:
Մեր ամերիկացի բարեկամին տուի թերթը: Գրողը հայ չէր:
Կարդալէն ետք ըսաւ.
– Զարմանալի է, որ այդ դժոխքը պահպանելու եւ ամէն վտանգէ զերծ պահելու համար, ամերիկացի զինուորներ ղրկուած են հոն այսինքն` Թուրքիա:
Յետոյ սկսաւ խորհրդածել.
– Ամերիկացի լրագրող մը անշուշտ փաստերու վրայ հիմնուած է այդ եզրակացութեան հասնելու համար: Իսկ ամերիկեան կառավարութիւնն ալ անշուշտ իր պատճառները ունի 3,5 միլիառ տոլարով օգնելու համար դժոխքին: Ի՞նչ աշխարհ, որ անհրաժեշտ կը դարձնէ Թուրքիոյ նման երկրի մը գոյութիւնը…
– Մի՛ մոռնաք, որ այս օգնութիւնը պատահական բարերարութիւն ալ չէ, այլ աւանդութիւն մը` աշխարհի համար… Ժամանակին Վիլհելմի Գերմանիան, Անգլիա, Ֆրանսա, նոյնիսկ Ռուսիա, ըստ կարգի, թրքական դժոխքի պահապաններ եղած են, եւ միշտ, այրած սրտով, ձեռքով, փախած…
Եւ սակայն կը շարունակեն կամաւոր պահակութիւնը, փոխնիփոխ, նոյնիսկ միլիառներ տալով, որ թուրքը բարեհաճի այդ կրակին վրայ նստեցնել զիրենք: Ու մի՛ մոռնաք, որ երկար տարիներ դժոխք Թուրքիան կոչուած էր նաեւ «Եւրոպայի մարդը»:
Մեր ամերիկացի բարեկամը պահ մը մտածելէ ետք, ըսաւ իր մասնաւոր հայերէնով.
– Խորհիմ, թէ հիւանդ է նաեւ այս աշխարհը. ծանր, թերեւս անդարմանելի հիւանդ մը…
ԳԻՍԱՒՈՐ

