Կեանքի Անբացատրելի Երեւոյթներ. Ծանօթանանք Գերմարդկային Անձերու
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՍԵՐԵՆԱ ՈՒԻԼԻԸՄԶԻ ԹԵՆԻՍԻ ՀԱՐՈՒԱԾԸ ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ Է: ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐ ՄԸ ՈՒՆԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆԷՆ ԱՐԱԳ ՆՈՒԱԳՈՂ ՄԱՏՆԵՐԸ: ՄԱՐԴ ՄԸ ԱՅՍԼԵՆՏԻ ԼԵԶՈՒՆ ՍՈՐՎԱԾ Է ՄԷԿ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՄԷՋ: ՈՒՐԻՇ ՄԸ 22 ՎԱՅՐԿԵԱՆ ԿՐՆԱՅ ՇՈՒՆՉ ՉԱՌՆԵԼ ՋՈՒՐԻՆ ՏԱԿ: «ՏԻ ՕՊԶԸՐՎԸՐ» ԹԵՐԹԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ 5 ԱՆՁԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՕԺՏՈՒԱԾ ԵՆ ՏԱՐԱՇԽԱՐՀԻԿ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ: ԻՍԿ ԾՆՈՒՆԴԸ, ԹԷ` ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՆԱԼԻՆ ԵՆ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՏԱՂԱՆԴԻՆ, ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ ՏԵՍՆԵԼ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՕՐՈՒԱՆ ԹԻՒՈՎ:
Սերենա Ուիլիըմզ. Անոր Թենիսի
Հարուածները Մրցանիշներ Կոտրած Են
Ան 30 անգամ շահած է Կրանտ Սլամի ախոյեանութիւնը, ինչպէս նաեւ կիներու մրցաշարքերու 46 ախոյեանութիւններ եւ Ողիմպիականի 4 մետալներ: Սակայն, եթէ կ՛ուզէք հասկնալ, թէ ինչո՛ւ ան կը գերազանցէ թենիսի մէջ իր մրցակիցները, ապա պարզապէս դիտեցէք այն պայթուցիկ վայրկեանը, երբ Սերենա գնդակը կ՛արձակէ դէպի իր հակառակորդը` ժամական 109 մղոն արագութեամբ:
Ուիլիըմզի համար խորհրդաւոր կը մնայ այն, թէ ինք ինչպէ՛ս նման անմրցելի ուժ արտաբերելու կարողութիւնը ունի: «Իրօք, երբ աւելի փոքր էի, Պիլի Ճին Քինկ ըսած էր. հարուածդ շատ լաւ է, շատ բնական է»: Այնուհետեւ Ուիլիըմզի հարուածը դարձած է անոր խաղին ամէնէն յատկանշական երեւոյթը, որուն մասին կը խօսուի, եւ որմէ ամէնէն աւելի կը վախնան անոր մրցակիցները: Այս տարի Ուիմպըլտընի մրցաշարքին ան մրցանիշ մը կոտրեց` արձանագրելով 102 հարուածներ, որոնք մնացին անպատասխան: «Ինծի կը թուի, թէ ինքնաբերաբար սկսայ այսպէս հարուածել,- կ՛ըսէ ան:- Բայց շատ զօրաւոր չեմ հարուածեր: Այսինքն կրնամ աւելի զօրաւոր հարուածել, սակայն սովորաբար շատ զօրաւոր չեմ հարուածեր»:
Կարելի է հարց տալ, թէ ի՛նչ պիտի պատահէր, եթէ ան զօրաւոր հարուածէր: Անոր հարուածը արդէն նոյնքան արագ է, որքան տղամարդոց մրցաշարքին մասնակցողներուն միջին հարուածը, իսկ անոր երկրորդ հարուածը միշտ աւելի արագ է, քան` Էնտի Միւրէյի հարուածը: Մարզիչներ եւ մասնագէտներ համաձայն են, թէ Ուիլիըմզի հարուածը լաւագոյնն է, որ ցարդ արձանագրուած է թենիսի կիներու խաղերուն մէջ: Փիթ Սամփրաս, որուն օրինակին կը հետեւէր Ուիլիըմզ աւելի փոքր տարիքին, անոր հարուածը նկարագրած է իբրեւ «անսխալական»:
Ամէնէն զարմանալին այն է, թէ Ուիլիըմզի անտաշ ուժը բնական է եւ ոչ թէ արդիւնք է ժամեր շարունակ կիրարկուած մարմնակրթանքի: «Անկեղծօրէն ծնունդով այսպէս եմ,- կ՛ըսէ ան:- Մինչեւ այսօր ծանրութիւն չեմ բարձրացուցած եւ հաւանաբար երբեք պիտի չբարձրացնեմ»: Ան կը հաւատայ, թէ իր լաւ ծիները ժառանգած է իր ծնողներէն, որոնք երկուքն ալ հասակաւոր են: Սակայն Սերենայի ֆիզիքական կառուցուածքը իր քրոջ` Վինըսի մարմնին կառոյցէն տարբեր է: Իրօք, Սերենա կ՛ըսէ, թէ ինք նուազ զօրաւոր էր: «Հարուածս տկար էր, երբ փոքր էի… տարիքիս համեմատ մանրակազմ էի: Երկար ժամանակ տեւեց, մինչեւ որ հասակ նետեցի եւ զօրացայ: Ասիկա ձեւով մը ինծի սորվեցուց պայքարիլ: Սորվեցայ պայքարիլ եւ մտային մակարդակի վրայ զօրանալ», կ՛ըսէ ան:
Ուիլիըմզ ուրախ է, որ նման «հզօր մարզիկ» մըն է, թէեւ չի կարծեր, թէ իր խաղը կը տարբերի իր քրոջ խաղէն: «Յամառ եմ,- կը խոստովանի ան:- Երբ շատ լաւ հարուած մը կը ստանամ, ապա կը ջանամ շատ լաւ հարուած մը տալ: Այսինքն Վինըս քիչ մը աւելի խելացի է»:
Արդեօք սեռերու պատերազմ մը պիտի վերսկսի՞. Պիլի Ճին Քինկ խաղցած էր Պոպի Ռիկզի դէմ եւ յաղթած էր անոր: «Թերեւս օր մը,- կ՛ըսէ Ուիլիըմզ:- Սակայն տակաւին պատրաստ չեմ»:
Թոմ Սիթաս. Սուզորդ Մը, Որ Կրնայ
22 Վայրկեան Բռնել Իր Շունչը
Մտածելը անոր թշնամին է: Մտածելը թթուածին կը սպառէ, իսկ այս մէկը վատնելու ի վիճակի չէ Թոմ Սիթաս, երբ երկար ժամանակ սուզուած կը մնայ ջուրին տակ: «Որքան զգացական բնոյթ ստանան մտածումներդ, այնքան աւելի կը վատթարանայ կացութիւնդ», կ՛ըսէ ան:
Ազատ սուզորդները ծանօթ են իրենց մարմնին եւ շնչառութեան տիրապետելու վարպետութեամբ: Սակայն Սիթասի կարողութիւնները իւրայատուկ են: 2000-էն ի վեր, երբ ան սկսած է կիրարկել ազատ սուզուելու իր ասպարէզը, Սիթաս վերագծած է լողալու ընթացքին կամ անշարժ կանգնած պահուն շունչը բռնելու մարդկային սահմանները եւ կոտրած է աշխարհի 22 մրցանիշներ, մեծ մասամբ կոտրելով իր սեփական մրցանիշները: Վերջին անգամ մայիսին ան մտաւ ջուրով լեցուն աւազանի մը մէջ եւ շունչը բռնեց 22 վայրկեան եւ 22 երկվայրկեան, 5 անգամով գերազանցելով իր կոտրած նախկին սեփական մրցանիշը:
Համպուրկ ծնած այս սուզորդը մինչեւ դպրոցը աւարտելը ոչ մէկ գաղափար ունէր իր կարողութեան մասին : «Մանուկ տարիքէս միշտ ալ զիս ներգրաւած է ստորջրեայ աշխարհը», կ՛ըսէ ան: Դպրոցական եւ համալսարանական ուսման միջեւ մէկ տարուան արձակուրդ մը Ճամայքայի մէջ բաւարար եղած է, որ ան թրծուի սուզուելու աշխարհին մէջ: «Պարզապէս ծովուն մէջ կը սուզուէի արեւուն ճառագայթները տեսնելու համար ջուրին մէջ կամ դիտելու` գեղեցիկ ձուկերը: Մարզիչս անդրադարձաւ, թէ շատ խորունկ կը սուզուէի եւ ուշադրութեանս յանձնեց մարզական խաղ մը, որ կրնար հետաքրքրել զիս: Երկու կամ երեք տարի ետք աշխարհի վրայ արդէն ոչ մէկը կրնար ինծի չափ երկար բռնել շունչը: Ասիկա անակնկալ մըն էր ինծի համար»:
Ազատ սուզուելու մասին գոյութիւն ունեցող գիտութիւնը համեմատաբար չէ զարգացած: Սակայն Սիթասի թոքերը 20 առ հարիւր համեմատութեամբ աւելի լայն են, քան` ֆիզիքական իր չափերով միջին ոեւէ տղամարդու թոքերը: Իրեն համար նաեւ նպաստաւոր է այն իրողութիւնը, թէ համեմատաբար նիհար է, այսինքն` կարիքը չունի մեծ քանակութեամբ թթուածին հասցնելու իր մկաններուն: Սակայն յայտնապէս աւելի յատկանշական դեր ունի իր կամքին զօրութեամբ մարմինը թոյլ պահելու կարողութիւնը: Ի՞նչ բանի մասին կը մտածէ ան, երբ 20 վայրկեան կը բռնէ իր շունչը. «Կը կեդրոնանաս նոյնինքն մկաններուդ վրայ, կը քակես լարուածութիւնդ, կ՛ընդունիս շնչելու ստիպողութիւնդ, զայն նոյնիսկ հաճելի կը զգաս, եթէ կարելի է», կը բացատրէ ան: Միթաս նոյնիսկ քունի անցած է ջուրին տակ: «Չեմ գիտեր, թէ արդեօք իւրայատուկ բան մըն է այս, սակայն որքան աւելի դժուար կացութեան մէջ գտնուիմ, այնքան աւելի կը հանդարտիմ», կ՛ըսէ ան:
Սիթաս քանի մը անգամ դիմագրաւած է լուրջ վտանգներ. օր մը Պերլինի մօտակայ լիճի մը մէջ սուզուելու ժամանակ կորսնցուցած է զինք ուղղող պարանը, խորասուզուած է բազմաթիւ մեթրներով եւ կորսուած է` «իրապէս սարսափած»: Այլ օր մը Եգիպտոսի ծովափին իր մէջքին կապած կշիռքի ծանրութիւններու գօտին չէ բացուած եւ ան դիմագրաւած է երկու ընտրանք. ձերբազատիլ գօտիէն կամ` խեղդուիլ: Բարեբախտաբար յաջողած է փրկուիլ:
Այժմ Սիթաս սառեցուցած է աշխարհի նոր մրցանիշ մը կոտրելու որեւէ ծրագիր, որովհետեւ կը պատրաստուի իբրեւ մետաղագործութեան ուսուցիչ վկայական մը ստանալու:
Եուտիթ Փոլկար. Ան Փոքր Տարիքէն Մարզուած Է`
Ճատրակի Ախոյեան Դառնալու Համար
Եուտիթի հայրը ունէր տեսութիւն մը. երբ Հունգարիա կը գտնուէր Խորհրդային Միութեան տիրապետութեան տակ, Լազլօ Փոլկար, կրթութեան մասնագէտ մը, համոզուած էր, թէ հանճարը պատրաստութեան արդիւնք էր, եւ ոչ` ծնունդի: Հետեւաբար, ան որոշած էր ապացուցել իր տեսութիւնը` երեք զաւակները դուրս բերելով դպրոցական համակարգէն եւ անոնց ուշադրութինը կանուխ տարիքէն կեդրոնացնելով մասնագիտական յատուկ նիւթի մը վրայ: Նիւթը ճատրակն էր, իսկ Եուտիթ պիտի դառնար իր հօր տեսութեան ապացոյցը: 36 տարեկան Եուտիթ Փոլկար այժմ ճատրակի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն կին խաղցողն է եւ միակ կինը, որ երբեւիցէ մաս կազմած է աշխարհի դասաւորումներուն մէջ առաջնակարգ 10 անուններու ցանկին:
Ինչպէս Եուտիթ կը մատնանշէ, Լազլօ ճատրակի վարպետ մը չէր: «Իբրեւ ուսուցիչ ան լաւ էր միայն շատ կարճ ժամանակի համար,- կ՛ըսէ ան:- Սակայն մայրս եւ հայրս հանճարեղ մանկավարժներ են: Անոնք շատ լաւ գիտեն համոզելու կերպերը: Անոնք մեզ կ՛առաջնորդէին այնպէս, որ ուրախ կը զգայինք ճատրակ խաղալով: Ժամանակի ընթացքին աւելի լրջացանք»: Եուտիթ եւ իր երէց քոյրը ճատրակ սկսած են խաղալ օրական 10 վայրկեան: 12 տարեկանին ան արդէն օրական 10 ժամ ճատրակ կը խաղար: Ապա 1991-ին ան կոտրած էր այդ ժամանակներու մրցանիշը եւ 16 տարեկանին դարձած էր ճատրակի տարիքով ամէնէն փոքր աշխարհի մեծ վարպետը:
Եուտիթի ամէնէն յատկանշական աւանդը այն է, թէ ան խորտակած է այն առասպելը, թէ տղամարդիկ «բնականաբար» կիներէն աւելի լաւ ճատրակ կը խաղան: Իր ասպարէզին ընթացքին ան պարտութեան մատնած է Պորիս Սփասքին, Կերի Գասպարովը եւ աշխարհի 9 այլ ախոյեաններ: «Երբ սկսայ ճատրակ խաղալ, կիներու եւ տղամարդոց միջեւ շատ աւելի մեծ վիհ մը գոյութիւն ունէր ճատրակի մէջ, քան` որեւէ այլ մարզախաղի,- կ՛ըսէ ան:- Ընդհանրապէս չէր ընդունուած այն գաղափարը, թէ կիներ կրնային հասնիլ նոյն մակարդակին: Յայտնապէս ես համաձայն չեմ եւ ապացուցեցի, թէ ճիշդ եմ»:
Փոլկարները իրենց կիրարկած արտասովոր մեթոտներուն պատճառով մերժուած էին Հունգարիոյ ճատրակի դաշնակցութեան եւ Խորհրդային պետութեան կողմէ: «Այնքան մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէինք, որ մեզմէ ոեւէ մէկուն արձանագրած ամէնէն փոքր իրագործումը մեծ հաճոյք կը պատճառէր բոլորիս», կ՛ըսէ Եուտիթ: Այժմ ան ունի զաւակներ եւ կը գործակցի դպրոցներու բարեսիրական օգնութիւն տրամադրող Սի. Էս. Սի. կազմակերպութեան հետ, ինչպէս նաեւ ունի իր սեփական հիմնարկը: Սակայն ան իր զաւակները չ՛առաջնորդեր այն ուղիով, ուրկէ իր հայրը առաջնորդած էր զինք: «Չեմ յանձնարարեր, թէ այս է միակ ձեւը,- կը խոստովանի ան:- Ծնողներս ստիպուեցան հրաժարիլ իրենց արհեստավարժ մասնագէտի ասպարէզէն` միայն մեր աշխատանքին հետեւելու համար: Այժմ զաւակներս ճատրակ կը խաղան միայն հաճոյքի համար»:
Տենիըլ Թամեթ. Լաւագոյն Վաճառք Արձանագրած
Եւ Մտային Արտասովոր Կարողութիւններու
Տէր Գրագէտը
«Չեմ ուզեր մարդիկ ըսեն. Օ՜, այս մարդը հանճար մըն է,- կ՛ըսէ ան:- Որովհետեւ հանճար ըլլալ կը նշանակէ շատ առանձին ըլլալ: Իսկ ես կեանքիս ընթացքին երկար պայքարած եմ առանձնութեան դէմ: Կ՛ուզեմ շաղուիլ մարդոց հետ»:
«Շաղուիլը» ինքնին ելակէտն է Թամեծի մրցանակի արժանացած գրականութեան, որ կը պեղէ յիշողութեան, ուսողութեան եւ լեզուական արտասովոր կարողութիւններու տէր անձի մը զգացումները: 33 տարեկան Թամեթ, որ կ՛ապրի Լոնտոնի արեւելեան շրջանին մէջ, գոց սորված է 22514 տասնաւորներ, կրնայ կայծակնային արագութեամբ հաշիւներ կատարել իր ուղեղին մէջ եւ առիթով մը Այսլենտի լեզուն սորված է մէկ շաբթուան մէջ: Ան չի սիրեր հպարտանալ նման իրագործումներով: «Ասիկա պարզապէս պատմութեան մէկ մասն է,- կ՛ըսէ ան:- Այս ծիրէն դուրս ինքզինքս արտասովոր կը զգամ»:
Փոխարէնը` Թամեթ նախապատուութիւն կու տայ իր գրելու տաղանդին, որպէսզի կարենայ արտայայտել իբրեւ անջատ երեւոյթներ` թիւեր «տեսնելու» եւ «զգալու» իր արտասովոր կարողութիւնը (սինիսթեժիա), նաեւ օգնելու գիտնականներուն եւ իր ընթերցողներուն, որպէսզի աւելի լաւ հասկնան, թէ ինչպէս կը գործէ ուղեղը: Անոր մրցանակի արժանացած «Պոռն ան է պլու տէյ» (ծնած` կապոյտ օր մը) գիրքը թարգմանուած է 23 լեզուներու:
Թամեթ ծնած է Լոնտոնի «աշխատաւոր խաւի շատ աղքատ մէկ թաղամասին մէջ»: Ան ունեցած է 8 քոյրեր ու եղբայրներ եւ իր մանկութիւնը կը նկարագրէ իբրեւ «ձեւով մը չափազանց բախտաւոր: Եթէ մէկ հատիկ զաւակ ըլլայի, թերեւս պիտի դառնայի շփացած ու փտած անձ մը, եւ ասիկա ոչ մէկ ձեւով պիտի նպաստէր ինծի: Եթէ ծնած ըլլայի ընտանիքի մը մէջ, ուր դաշնակ կը նուագէին եւ ամէն վայրեկան ճատրակ կը խաղային, ապա թերեւս պիտի դառնայի մանուկ հանճար մը: Սակայն ասիկա չի նշանակեր, թէ անպայման ուրախ պիտի զգայի»:
Այժմ Թամեթ ուրախ կեանք մը կ՛ապրի Փարիզի մէջ: Ան կը սիրէ Ֆրանսան, որովհետեւ «հոն սահմաններ չկան գրականութեան եւ ուսողութեան միջեւ… թուաբանագէտներ վէպեր կը գրեն, եւ այս անցումը կը ներշնչէ զիս», կ՛ըսէ ան: Իրօք, ան կը խուսափի իբրեւ փայլուն թուաբանագէտ ճանչցուելէ: «Ուսողութիւնը վերացական բան մըն է, իսկ վերացականութիւնը շատ աւելի դժուար վիճակներ կը ստեղծէ մտային կարողութիւններու տէր անձերու համար: Երբեք գրահաշիւ չեմ գիտեր»:
Եուիա Ուանկ. Աշխարհի Ամէնէն
Արագ Մատներով Դաշնակահարը
Իբրեւ աշխարհի ամէնէն շնորհալի դաշնակահարը ճանչցուած 25 տարեկան Ուանկ իր հռչակը կը պարտի արտասովոր արագութեամբ նուագող իր մատներուն: Քննադատներ ողջունած են անոր «ապշեցուցիչ ճարտարութիւնը», «մարզիկի մը հզօր ուժը», եւ զայն նկարագրած են իբրեւ «առեղծուածային երեւոյթ մը»: Քննադատ մը նոյնիսկ գովերգած է անոր «բարակ եւ երկար մատները» նախքան խոստովանիլը` «գէթ կը կարծեմ, թէ ան երկար մատներ ունի… այնքա՛ն արագ կը շարժէին, որ կարելի չէ բացատրել»:
Ուանկ կը խնդայ լսելով նման նկարագրութիւններ եւ կ՛ըսէ, թէ իր ձեռքերը փոքր են: «Բայց չեմ մտածեր, թէ որքա՛ն արագ կը նուագեմ: Թերեւս տեսողական խաբկանք է, որովհետեւ մանրակազմ եմ: Հետեւաբար, երբ կը նուագեմ ռուսական հզօր կտորներ, ֆիզիքական շարժումը անխուսափելի է: Պարտաւոր եմ այլ երաժիշտներէ աւելի արագ շարժիլ: Թերեւս այս պատճառով տպաւորիչ կը թուի նուագս», կը բացատրէ ան:
Համեստութիւն կը ցուցաբերէ Ուանկ: Սակայն ան փնտռուած է աշխարհի գլխաւոր խմբավարներուն կողմէ, ինչպէս` Տանիել Պարընպոյմ, Մայքըլ Թիլսըն Թոմաս, Շարլ Տիւթուա: Ան կը նուագէ Լոնտոնի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին, Պերլինի Սթաաթսքափել նուագախումբին եւ Պոսթընի Սիմֆոնիք նուագախումբին հետ: Եւկենի Քիսին ըսած է, թէ ան աշխարհահռչակ դաշնակահար Լանկ Լանկի համազօր արհեստավարժական կարողութեամբ օժտուած է: «Իրապէս կը համակրիմ իրեն. ան իմ մանկութեանս կուռքն էր», կ՛ըսէ Ուանկ:
Ուանկ հասակ նետած է Չինաստանի մէջ: Մայրը պարուհի է, իսկ հայրը` հարուածային գործիքներ նուագող երաժիշտ: Ան դաշնակ սկսած է նուագել 6 տարեկանին: Կէս տարի ետք արդէն բեմին վրայ կը նուագէր: «Շատ փորձեր չէի կատարեր, բայց շատ արագ կը յառաջդիմէի,- կը խոստովանի ան:- Ամէն ինչ պարզապէս շատ դիւրին կը թուէր»: Ուանկ յաճախած է Պէյճինկի երաժշտանոցը եւ 16 տարեկանին փոխադրուած է Նիւ Եորք, ուր պայմանագրութիւն մը կնքած է Տոյչը Կրամոֆոն ձայնագրութեան ընկերութեան հետ:
Այնուհետեւ Ուանկ բեմին վրայ իր ցանկայարոյց հագուածքով եւ անվախ կեցուածքով կերտած է իրեն յատուկ ոճ մը: «Շատ լաւ կը կեղծեմ,- կ՛ըսէ ան:- Երբեմն այդ հզօր յարմարանուագները (քոնչերթօ) լարուած ճիգ կը պահանջեն եւ զգացականօրէն կը սպառեն զիս: Միշտ ալ ջղագրգիռ կը դառնամ համերգէ մը առաջ, սակայն շատ հանդարտ կը ձեւացնեմ ինքզինքս: Ասիկա մեծագոյն խաբէութիւնն է»:
Իսկ ինչ կը վերաբերի անոր արտասովոր ձեռքերուն, արդեօք անոնք յատուկ խնամքի կը կարօտի՞ն: «Այո՛, չարաչար գործածելը անխուսափելի է, իսկ դարմանը մարձումն է», կ՛ըսէ ան:

