Լիբանանահայ Ուսանողը. Այսօր Եւ Վաղը

ՓԱԹԻԼ ԵՍԱՅԵԱՆ

Մամուլի, ձեռնարկներու եւ ժողովական կեանքի մէջ անընդհատ ժխտական ակնարկ կայ լիբանանահայ երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան ներկայ իրավիճակին մասին: Կ՛ըսուի, թէ նոր սերունդը անտարբեր է, գիտակից չէ, իր նախորդներուն նուիրումը չունի: Ափսոսանքով կ՛ըսուի նաեւ, թէ նախորդ սերունդը պատերազմի դժնդակ օրեր ապրելով հանդերձ, չէ թերացած իր ազգային պարտականութիւնները կատարելու մէջ մինչ այսօր ուսանողութիւնը ետդարձի մէջ է, անոր աշխատանքը մակերեսային  ու դատարկ է, իսկ մտածելակերպը` ոչ հեռատես եւ յետամնաց : Սերունդներու միջեւ բաղդատութիւնը կը կատարուի այնպէս, կարծէք ժամանակը, տարիներու յառաջացումը եւ ապրելակերպի փոփոխութիւնը ազդու տարրեր չեն սերունդի մը առօրեային եւ ընթացքին կազմաւորման մէջ: Կը խօսուի ուսանողութեան մը մասին` առանց հարց տալու, թէ ո՞ւր է ան այսօր, ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ եւ ինչպէ՞ս կարելի է նեցուկ կանգնիլ անոր:

Ներկայիս երկրորդական վարժարան աւարտած լիբանանահայ երիտասարդներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը իր բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ համալսարաններէ ներս, եւ միայն փոքր թիւով շրջանաւարտներ են, որոնք տարբեր պատճառներով կ՛ընտրեն այլ ուղի եւ կ՛անցնին ասպարէզի աշխարհ: Լաւապէս հասկնալու համար ներկայ ուսանողութեան իրավիճակը, հարկ է ծանօթանալ Լիբանանի բարձրագոյն ուսման համակարգին, երկրին մէջ գործող համալսարաններուն եւ անոնց ընձեռած պայմաններուն, լիբանանահայ ուսանողութեան համալսարաններէ ներս ներկայութեան եւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` համալսարանական ֆոնտերու ցուցաբերած օժանդակութիւններու կարելիութիւններուն:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ետք երկրի անձնական համալսարաններուն թիւը սրընթաց բարձրացաւ` ստեղծելով իրարանցում եւ անվստահելիութիւն, տրուած ըլլալով, որ կարգ մը համալսարաններու որակն ու օրինականութիւնը հարցական կէտեր էին եւ տակաւին կը շարունակեն ըլլալ: Լիբանանի կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութիւնը ցարդ պաշտօնապէս արտօնագրած է 31 անձնական համալսարաններ, 7 համալսարանական հիմնարկներ եւ 3 կրօնական ուսումնասիրութիւններու կեդրոններ, որոնց կողքին կը գործէ նաեւ Լիբանանի պետական համալսարանը իր տարբեր մասնաճիւղերով: Համալսարաններու սուր մրցակութեան ծիրէն ներս եւ պետական արտօնագրութեան կողքին, համալսարանները կը փորձեն օտար համալսարաններու հետ համաձայնութիւններ կնքել եւ վարկաւորումներ ստանալ, իւրաքանչիւրը իր համալսարանի կարգն ու համբաւը բարձրացնելու, գոյատեւելու եւ ուսանող ներգրաւելու նպատակով: Բայց յաճախ ուսանողներ ծուղակը կ՛իյնան եւրոպական կամ ամերիկեան պատկանելիութիւն յաւակնող համալսարաններու քարոզչական արշաւին. կը խափուին «ամերիկեան», «քանատական», «միջազգային» բառերէն, եւ կ՛ուղղուին դէպի վատորակ համալսարաններ: Հոս մեծ է դերը հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն եւ ուսուցչական կազմերուն, որոնք թոյլ պէտք չէ տան, որ նմանօրինակ հաստատութիւններ դպրոցներէն ներս ներկայացումներ կատարեն ու ապագայ ուսանողներ ներգրաւեն: Համալսարանական արեւելումի աշխատանքը պէտք է կատարուի բծախնդիր ու արհեստավարժ ձեւով եւ ընդգրկէ ծնողական հանդիպումներ, որպէսզի ծնողներն ալ իրենց կարգին կարողանան կողմնորոշուիլ եւ զանազանել իսկական համալսարանը, համալսարանի անուն կրող ցածորակ բարձրագոյն կրթութեան հաստատութիւններէն:

Հայ ուսանողութիւնը վերոյիշեալ բոլոր համալսարաններէն ներս չէ որ կարելի է գտնել` նկատի ունենալով համալսարաններուն աշխարհագրական դիրքը, համայնքային կամ ընկերական պատկանելիութիւնը եւ ուսման մթնոլորտը: Հայ ուսանողներուն մեծամասնութիւնը կը յաճախէ հետեւեալ համալսարանները` Հայկազեան համալսարան, Պէյրութի ամերիկեան համալսարան, Լիբանանեան ամերիկեան համալսարան (Պէյրութի եւ Ժիպէյլի մասնաճիւղեր), Նոթր Տամ համալսարան, Լիբանանեան միջազգային համալսարան (Պեքաա եւ Պէյրութի արուարձան), Սեն Ժոզեֆ համալսարան, ԱԼՊԱ, Քասլիքի Ս. Հոգի (ԻՒԶԵՔ) համալսարան եւ Լիբանանեան համալսարան: Փաստօրէն, սոյն համալսարաններէն ներս հայ ուսանողութիւնը համախմբուած է հայկական ակումբներու եւ խմբաւորումներու միջոցով, որոնց աշխուժութիւնը, ցուցմունքներն ու մատուցած բարոյական աջակցութիւնները կը քաջալերեն,  որ հայ աշակերտը ուղղուի դէպի հայահոծ համալսարաններ: Համալսարաններու ընտրութիւնը կը կատարուի հիմնուելով զանազան տուեալներու վրայ, ինչպէս` կրթաթոշակի գին, ուսման ճիւղ, համալսարանի աշխարհագրական դիրք, ուսման մակարդակ, ուսման լեզու, ընկերական միջավայր եւ այլ տուեալներ: Կրթաթոշակի գինը, ի մասնաւորի, օրէ օրէ կը դառնայ առաջնահերթ ազդակ` համալսարանի կողմնորոշման մէջ, սահմանափակելով հայ ուսանողին առջեւ պարզուած ուսման կարելիութիւնները: Բացատրենք:

Լիբանանեան համալսարանը միակն է, որ գրեթէ ձրի ուսում կ՛ընծայէ Լիբանանի մէջ: Եւ պարզ է, որ ձրի ըլլալով` մեծ թիւով աշակերտներ դիմումներ կը կատարեն, եւ տեղերու սահմանափակ ըլլալուն իբրեւ հետեւանք` շատեր չեն ընդունուիր իրենց նախասիրած ճիւղերէն ներս եւ կը ստիպուին անձնական համալսարաններ յաճախել: Ուրիշներ, թէեւ կ՛ընդունուին, բայց չկարենալով յաջողութիւն արձանագրել, ուսումը կիսատ ձգելով` այլընտրանքը կը փնտռեն: Աւելի՛ն. ցաւ ի սիրտ, կարգ մը ծնողներ եւ աշակերտներ կը բաժնեն այն մտածելակերպը, թէ պետական համալսարանը ուսման եւ ընկերային յարմար միջավայր մը չէ, եւ նախընտրելի է համալսարան չյաճախել նիւթական պայմաններու չգոյութեան պարագային:

Ուստի, ուսանողութեան մեծ տոկոսը կ՛ուղղուի դէպի անձնական համալսարաններ, որոնց կրթաթոշակի գինը կը տարուբերի ըստ համալսարանին, ուսման ճիւղին, ուսման մակարդակին եւ դասապահերու քանակին: Բայց միջին հաշուով, զանց առնելով նիւթական օժանդակութիւնները, լիաժամ ուսանողի մը տարեկան կրթաթոշակը կը տարուբերի 4000- 21000 ամերիկեան տոլարի միջեւ: Յաւելեալ լուսաբանութեան նպատակով ստորեւ կը ներկայացնենք մեծ թիւով հայ ուսանողութիւն ունեցող 5 համալսարաններու կրթաթոշակներու բաղդատականը: Նկատի առնուած է վարչագիտութեան ուսանողի մը կրթաթոշակը (տարեկան 10 դասապահ, ինչ որ համազօր է 30 միաւորի/ քրետի), պարզապէս որովհետեւ վերոյիշեալ ճիւղը հասարակ յայտարար մըն է ու կը դասաւանդուի 5 համալսարաններէն ներս: Լիբանանի միջազգային համալսարանի ելեւմտական գիտութեան պաքալորէոսի դասարանի կրթաթոշակն է 4200 տոլար, Հայկազեան համալսարանի` 7560, NDU-ի` 8100, LAU-ի` 14800, իսկ AUB-ի` 19290: Որոշ ճիւղերու կրթաթոշակը շատ աւելի բարձր է, ինչպէս` ճարտարագիտութիւն, դեղագործութիւն եւ բժշկութիւն, մինչ ընդհանուր գիտութիւններու եւ արուեստներու բաժանմունքէն ներս դասուած ճիւղերու կրթաթոշակը (բնապատմութիւն, գրականութիւն, տնտեսագիտութիւն եւ այլն) ընդհանրապէս 10-էն մինչեւ 20 առ հարիւր համեմատութեամբ պակաս կ՛արժեն:

Անցնող 5 տարիներու ընթացքին երկրի սղաճի բարձրացման զուգահեռ, կրթաթոշակներու սակերը մեծ տոկոսներով բարձրացան, եւ իբրեւ հետեւանք` միջին խաւի պատկանող ընտանիքներու եկամուտը ներկայիս բաւարար չէ կրթաթոշակները ամբողջովին վճարելու համար: Հետեւանքը այն է, որ վատորակ համալսարաններ յաճախող հայ ուսանողութեան թիւը սկսած է բարձրանալ, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ նմանօրինակ կարգ մը համալսարաններ առանց դժուարութեան նիւթական օժանդակութիններ կ՛ընծայեն դիմողներուն:

Կրթաթոշակներու բարձր սակերը վճարելու նպատակով հայ ուսանողութեան մեծ տոկոսը կը դիմէ երեք աղբիւրներու` ստանալու համար նիւթական օժանդակութիւններ: Առաջին` համալսարանի նիւթական օգնութեան գրասենեակը, երկրորդ` վճարովի գործ, իսկ երրորդ` հայկական համալսարանական ֆոնտեր: Առաջին տիպի օժանդակութենէն կ՛օգտուին շատեր, եւ իւրաքանչիւր ուսանող ըստ իր ակադեմական կամ ընտանեկան նիւթական պայմաններուն, կը ստանայ օժանդակութեան տոկոս մը: Անցնելով երկրորդին, ուսանողութեան մեծ մասը կիսաժամ կամ լիաժամ աշխատանքներ կը կատարէ ապահովելու համար գէթ իր առօրեայ ծախսերը: Իբրեւ հետեւանք` միութենական կեանքի յատկացուելիք ժամանակը կը նուազի, գործը կը խաչաձեւէ ազգային պարտականութիւններու աշխատանքներուն, եւ ուսանողը կը հեռանայ առօրեայ միութենական կեանքէն:  Երրորդ` հայկական համալսարանական մեծ ֆոնտերը, որոնք տարիներու ընթացքին սատար հանդիսացած են հայ ուսանողութեան, այս տարեշրջանին անակնկալի մատնելով ուսանողներն ու ծնողները` գրեթէ կասեցուցած են իրենց օժանդակութիւնները եւ դիմումնագրեր չեն ընդունիր: Բարեբախտաբար տակաւին կը գործեն կարգ մը ֆոնտեր, սակայն անոնց օժանդակութեան տոկոսը, գումարը եւ հասանելիութիւնը բաւական սահմանափակ են:

Հոս տեղին է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ երկու մեծ կրթանպաստ յատկացնող ֆոնտեր փակած են իրենց դռները միաժամանակ:

Արդեօ՞ք զուգադիպութեամբ երկուքը միաժամանակ սնանկացած են(արդեօ՞ք սնանկացած են):

Արդեօ՞ք շրջանի քաղաքական եւ ապահովական անկայուն վիճակը պատճառ դարձած է, որ Լիբանանի մէջ նիւթական ներդրում կատարելը վտանգ նկատուի:

Կամ` արդեօ՞ք Միջին Արեւելքի փոքրամասնութիւններուն ճակատագիրը որոշուած է, եւ հեռանկար կայ շրջանը անոնցմէ պարպելու:

Ահաւասիկ ահազանգային կացութիւն մը, որուն ո՛չ մէկ թերթ, ո՛չ մէկ մարմին եւ ո՛չ մէկ մշակութային կամ քաղաքական միութիւն անդրադարձաւ: Եթէ կացութիւնը մնայ նոյնը, եւ համայնքը չունենայ հայ ուսանողութեան նեցուկ կանգնող բաւարար համալսարանական ֆոնտեր, ուսանողութիւնը պիտի ստիպուի ամբողջովին նուիրուիլ ասպարէզի աշխարհին կամ ուսման զուգահեռ` աշխատիլ մէկէ աւելի գործեր. ոմանք պիտի մնան համալսարաններէն դուրս, պիտի բազմանան ընկերային հարցերը, եւ բարձրագոյն ուսումը պիտի դառնայ եզակի պատեհութիւն մը, որ շատ քիչերու կ՛ընծայուի:

Ուրեմն յառաջիկային իւրաքանչիւր յօդուածի, ձեռնարկի եւ ժողովի մէջ, երբ կը խօսինք հայ ուսանողութեան մասին, փորձենք նաեւ մտածել շինիչ լուծումներու մասին, որպէսզի ուսանողութիւնը, գոյատեւելէ անդին, ըլլայ առողջ ուսանողութիւն, որ իր կարգին միակ երաշխիքն է առողջ գաղութի մը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES