Հայեցի Դիմագի՞ծ
ԳԵՏԱՇԷՆՑԻ
Վերջին տարիներուն Պուրճ Համուտի ազգագրական պատկերը մերթ ընդ մերթ փոփոխութեան կ՛ենթարկուի: Պուրճ Համուտը ա՛լ առաջուան հայահոծ գաղթակայանը չէ: Պուրճ Համուտը, որ սփիւռքի սիրտ Լիբանանին միջնաբերդը կռուանը կը նկատուէր, բնութափոխուած է ու ինքնութիւնը` մասամբ կորսնցուցած :
Պուրճ Համուտի տուներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հին է ու նեղ: Աղբանոցին ու սպանդանոցին պժգալի ու գարշելի հոտերն ալ վիճակը ա՛լ աւելի կը վատթարացնեն: Ասոնց վրայ կ՛աւելնայ օտար աշխատաւորներուն տիրական ներկայութիւնը շրջանին մէջ: Բնականաբար երիտասարդ զոյգերն ու ապագայ կերտելու ձգտում ունեցող անձեր պիտի փափաքին շքեղ ու հանգստաւէտ տուներու մէջ կերտել իրենց ընտանիքներն ու ապագան: Արդարեւ, Պուրճ Համուտը անոնց երազային բնակավայրը պիտի չըլլայ: Անոնք պիտի փնտռեն հանգստաւէտ ու աւելի նորակառոյց բնակավայրեր, ինչպէս` Ծաղկաձորը (Մզհեր), Ռապուէն եւ այլ շրջաններ, անշուշտ, եթէ Լիբանանի մէջ իրենց ապագան շարունակելիք ըլլան: Հետեւաբար, Պուրճ Համուտը լքող հայերուն թիւը տարուէ տարի կ՛աւելնայ: Եւ երբ հայերը կը լքեն շրջանը, բնականաբար տեղացիներն ու մեծ թիւով օտարները Պուրճ Համուտ կը ներխուժեն: Հայկական դպրոցները, եկեղեցիներն ու ակումբները շրջապատուած են օտարներով , ինչ որ երբեմնի հայահոծ շրջանի հասկացողութեան կարգաբանական (սիստեմատիկ) վերջ կը դնէ ու անցեալի կարօտ կ՛արնթնցնէ:
Շատ դիւրին է կարգախօսներու հայեցի դիմագիծ քարոզելը: Այդ չէ լուծումը: Լուծումը գործնական առաջարկներ ու ծրագիրներ մշակելն է` հեռակայ տեսլականով: Ցարդ ոչ մէկ տուեալ կայ այն մասին, որ Պուրճ Համուտը պիտի այժմէականանայ: Թերեւս աղբանոցին լուծումը մեր ձեռքը չէ, բայց կան մեծ թիւով ուրիշ խնդիրներ, որոնք լուծելի են, բայց չեն լուծուիր, որովհետեւ հաւաքական կամքը չկայ կամ ալ անտարբերութիւն կայ:
Այս յօդուածով կ՛ուզեմ կոչ ուղղել բոլոր հայեցի դիմագիծ քարոզողներուն, որ իրենց խօսքը գործի վերածեն: Եթէ կ՛ուզէք, որ Պուրճ Համուտը վերածաղկի ու վերստին ապրի իր փառքի օրերը, գործնականի անցէ՛ք: Եթէ կ՛ուզեք, որ Պուրճ Համուտը արեւմտեան Պէյրութի ու Էշրեֆիէի հայութեան դժբախտ ճակատագիրը չունենայ, սատար հանդիսացէ՛ք Պուրճ Համուտին:
Պուրճ Համուտը պարզապէս պատահական ուշադրութեան արժանի վայր մը չէ, զոր պարբերաբար փառաբանենք ու անոր հայեցիութիւնը մխիթարենք :
Պուրճ Համուտը, եթէ իսկապէս բոլորիս է, պէտք է բոլորիս համար ըլլայ եւ ոչ` որոշ խաւի մը համար, որ այլընտրանք չունի եւ Պուրճ Համուտ կը բնակի: Եթէ կ՛ուզենք, որ Պուրճ Համուտը իր հայեցի դիմագիծը վերագտնէ, անիկա միայն աղքատներուն համար պէտք չէ ըլլայ: Պուրճ Համուտը, եթէ հայութեան սիրտն է, պէտք է ըլլայ աղքատին եւ հարուստին, մարաշցիին ու սիսեցիին, երիտասարդին ու ծերունիին, գաղթականին ու բնիկին:
Ա՛լ ժամը հասաւ, որ Պուրճ Համուտի մէջ բնակարանային նոր շէնքեր կառուցուին, հանրային պարտէզները գաւեն շարժակներուն անտանելի ծուխի հոտերը, ու ծառեր տնկուին , որ փոխարինեն հին ու կարկտան վայրերը, ուր հայեցի դիմագիծ պահելը անկարելի է:
Պուրճ Համուտը հայեցի կը մնայ, երբ աղբի տակառներ զետեղուին իւրաքանչիւր թաղի մէջ , փոխանակ գիշերները փողոցներուն անկիւնները աղբակոյտեր դառնան: Հայը (մասնաւորաբար Կամուրջէն անդին ապրողը) Պուրճ Համուտի մէջ բնակութիւն կը հաստատէ, երբ քաղաքապետարանի ոստիկանը կը հսկէ իր թաղը ու զինք ապահով ու հանդարտ միջավայրի մէջ կը զգացնէ:
Քաղաքաշինութիւնը ծախսալից կը թուի, մանաւանդ կալուածային սղաճին պատճառով ու գաղութին ու երկրին դժուար պայմաններուն զուգընթաց: Սակայն կ՛արժէ Լիբանանի գաղութը պահել ռիսք առնել, որովհետեւ Լիբանանը իր Պուրճ Համուտով Հայ դատին տուաւ այն, ինչ որ ուրիշ գաղութ չտուաւ, երկրին համայնքային ու քաղաքական կառուցուածքին եւ հայրենիքին մօտ ըլլալուն շնորհիւ: Հետեւաբար, եթէ կ՛ուզենք Հայ դատի յառաջատար պաշտպան այս հրաշալի վերապրող գաղթակայանը գոյատեւէ ու իրեն հետ հայ դատը ողջ պահէ, պէտք է անցնինք գործնականի ու ռիսք առնենք եւ վերանորոգենք մեր Պուրճ Համուտը` Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի հայոց սիրտը, բացի, եթէ գաղութակերտման ցանկութիւնը զիջի հայրենադարձութեան…
Ուրեմն, Պուրճ Համուտը պարզապէս թաղամաս մը չէ, այլ իր աշխարհագրական իմաստէն շատ աւելի հեռաւոր ու խորունկ նշանակութիւնը ունի` սփիւռքի ու արեւմտահայոց կռուանը ըլլալով:

