Լուրեր Դպրեվանքէն. Դպրեվանքի Նկարներու Եւ Քանդակներու Մնայուն Ցուցահանդէսը Կը Շարունակուի Եւ Կը Ճոխանայ

1 փետրուար 2012-ին դպրեվանքի տեսչութեան դպրեվանքէն ներս նկարներու եւ քանդակներու մնայուն ցուցահանդէս ունենալու կոչին ընդառաջեցին աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ ապրող հայ արուեստագէտ-արուեստագիտուհիներ եւ արուեստասէրներ:

Յայտնենք, որ մնայուն ցուցահանդէսը կը շարունակուի եւ ուրախ պիտի ըլլանք արուեստի նոր գործերով առաւել ճոխացնելով մեր հաւաքածոն, որ ժամանակագրական կարգով ցարդ հետեւեալ պատկերը կը պարզէ.

  • Աշոտ Թազեան, գեղաքանդակ, «Յիսուս»
  • Տիգրան Տատրեան, գեղանկար, «Միջերկրականը»
  • Հերի Գունտագճեան, լուսանկարներ`  «Ծիծեռնակաբերդ», «Հայկական եռագոյն դրօշակը Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի շէնքին դիմաց»,  «Խորէն Ա. վեհափառ Պիքֆայայի Ապրիլեան յուշարձանին դիմաց», «Վազգէն Ա. եւ Գարեգին Բ. վեհափառներ 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժի ընթացքին», «Գարեգին Ա. վեհափառ իր մօր հետ», «Արամ Ա. վեհափառ», «Արամ Ա. վեհափառ Պիքֆայայի Ապրիլեան յուշարձանին դիմաց»
  • Ժիրայր Հատիտեան, գեղանկար,  «Արդուզարդը»
  • Ճոն Կէվհէրեան, գեղանկար, «Արձագանգներ»
  • Գրիգոր Նորիկեան, գեղանկար, «Թափօր»
  • Մանուկ Հոփալեան, քանդակ-նկար, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ հայ այբուբենը»
  • Ռոզվարդ Սիսեռեան, գեղանկարներ` «Աշխարհի ստեղծագործութիւնը, թիւ 2», «Անվերնագիր»
  • Էդուարդ Բերդեան, գեղանկար, «Աղթամար» (Նուէր տոքթ. Մովսէս Հերկելեանի կողմէ)
  • Յովսէփ Գասպարեան, գեղանկար, «Դրոշմուած»
  • Զոհրապ Քէշիշեան, գեղանկարներ` «Երիտասարդ տղան», «Իմաստուն մարդը», «Հովն ու ցորենը», «Խաչը», «Ես եմ լոյսը», «Պարտէզին մէջ», «Բարի լոյս», «Լուսինը», «Առաջին կինը», «Ուսուցիչը»
  • Զաւէն Խտըշեան, գեղաքանդակ, «Ս. Գրիգոր Նարեկացի»
  • Վահրամ Աղազարեան, գեղաքանդակ, «Արդի խաչ»
  • Հրաչ Այնթապլեան, գեղանկարներ` «Սեւանի վանքը», «Ծառին շուրջ», «Եղնիկը»
  • Շահէ Տէր Պօղոսեան, գեղանկար, «Պեքայի համանուագ – թիւ 3»
  • Լէոնի Փիլարթ, գեղանկար, «Ազգի մը ճակատագիրը»
  • Յարութիւն ծ. վրդ. Պզտիկեան, գեղանկար, «Խաչեցեալ Քրիստոս»
  • Պասամ Պայտուն, գեղաքանդակ մը
  • Գեղանկար` «Պիքֆայայի դպրեվանքը» (Նուէր Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի կողմէ)
  • Պարոյր աբղ. Շէրնէզեան, գեղանկար, «Արամ Ա. կաթողիկոսի դիմանկարը»
  • Զարեհ Մութաֆեան, գեղանկար, «Արագած մագլցող կիներ» (Նուէր` հանգուցեալ արուեստագէտին զաւակներէն եւ ստացուած Արմէն-Քլոտ Մութաֆեանի կողմէ)
  • Անի Մարտիկեան, գեղանկար, «Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի»

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հաճեցէք կապուիլ դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանին հետ` հեռաձայնելով 03-486943 եւ 04-980060 թիւերուն:

Դպրեվանքի Մարզասրահը Արդիական
Կազմածներով
Օժտուեցաւ

Վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի դպրեվանքին մարզասրահը մարզական նոր եւ արդիական կազմածներով եւ մեքենաներով օժտուեցաւ` շնորհիւ Երեւանի «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան տնօրէն Ռալֆ Եիրիքեանի նուիրատուութեան:

Այս առթիւ տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան ըսաւ. «Մեր սաներուն հոգեւոր, կրթական եւ ֆիզիքական համատեղ աճումը անհրաժեշտ է: Մանաւանդ երբ կը գտնուինք ձմեռուան սեմին, դպրեվանքի մարզասրահին արդիականացումը հրամայական կը դառնայ. որովհետեւ տղաք չեն կրնար մարզանքի համար շէնքէն դուրս ելլել: Ահաւասիկ այս քայլով դպրեվանքը եւս կ՛օգտուի Ռ. Եիրիքեանի բազմաթիւ բարեսիրութիւններէն, որոնց ծանօթ է հայրենաբնակ եւ արտասահմանեան հայութիւնը, եւ որուն համար կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնը»:

Share this Article
CATEGORIES