Ճափոնցիները Հայերէն Կ՛երգեն, Երբ Մենք Օտար Երգ Ու Բառով Կ՛աղմկենք

Արմենակին յուզումը եւ զայրոյթը տուներու մէջ մոռցուած պատի հին ժամացոյցի ճօճանակին կը նմանին: Կ՛երթան եւ կու գան մէկ ծայրէն միւսը:

Ուրկէ՞ իրեն հասած է լուրը: Ո՞ր գաղտնի սպասարկութենէն: Կարեւորը այն է, որ իմացած է:

Արմենակ արդիականացած է եւ ել-նամակով գրած է հետեւեալը.

«Ելեկտրոնային նամակատուփս բացի այս առաւօտ: Զարմա՛նք: Բարեկամ մը, աւետելու պէս, իմաց կու տայ, ղրկելով անգլերէն երկու տող եւ մէկ հասցէ.

The Japanese school chorus sing on armenian

http://www.youtube.com/watch?v=XkivPOi0Wn8

«Ունկնդրէ՛:

«Ճափոնցիները հայերէն կ՛երգեն, երբ մենք օտար երգով կ՛աղմկենք:

«Ամավերջի հանդէսներուն չնաշխարհիկ պարերով կ՛ոստոսեն հայ տղաքը:

«Անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն, չինարէն եւ թերեւս ալ զուլուներու լեզուով ճառեր կ՛արտասանենք եւ մենք մեզ կ՛ունկնդրենք հիացումով:

«Օտար լեզուներով դամբանական կը խօսինք հայերէնէ զատ ուրիշ լեզու չիմացող մամիկներու համար, մենք մեզ պատուանդանի վրայ դնելու համար:

«Մտածեցի պահ մը, հասկնալու համար, թէ ինչո՞ւ Ճափոնցիները հայերէն կ՛երգեն: Եւ բացատրութիւնը գտայ:

«Թուրքը իրապէս հասած է իր նպատակին: Ըսած էին, որ մէկ հայ պէտք է մնայ, այդ ալ` թանգարանի համար:

«Հայ երգը թանգարանային պիտի ըլլայ, Ճափոնցիները կ՛երգեն, վաղը զուլուներն ալ պիտի երգեն:

«Հայերէն գիրք ո՛չ կը գնենք եւ ո՛չ ալ կը կարդանք, բայց հայ գիրքի ցուցահանդէս կը կազմակերպենք` տակը պարապ ինքնահիացման համար, երբ գրատուն մը իսկ չկայ:

«Երեւանը գիրքի մայրաքաղաք կ՛ըլլայ, երբ գրատուները անհետացած են:

«Գիրքերու ներկայացում կը կազմակերպենք, եթէ անոնք օտարաբարբառ են:

«Արդէն միայն էսքիմոները եւ հայերէն չգիտցող ծագումով հայեր գրաբար կը սորվին` որպէս գիտութիւն եւ ոչ որպէս ժառանգութիւն:

«Ի՞նչ կ՛ըսես, եթէ այս ամառ Ճափոն երթանք, փոխան տակառային աղմուկի վրայ կպցուած հայերէն բառերով երգերու` հայերէն երգ լսելու համար:

«Հոն ալ ճափոներէնով դամբանական մը կը խօսիս մեռած եւ մեռնող բաներու համար:

«Բա՛ց եւ լսէ՛ youtube-ը:

«Ի դէպ, յիշեցի ԺԷ. դարու մեծ մարդու մը խօսքը. սովորաբար կրթութիւնը, որ կու տանք երիտասարդներուն, երկրորդ ես մըն է, զոր անոնց կը ներշնչենք:

«Կրթութիւն` մեծերու եւ փոքրերու:

«Ստացուած եւ տրուող: Մինչեւ որ էջը դառնայ:

«Ի՞նչ ընելու եւ ո՞ւր հասնելու համար… ինքնահիացման չխկչխկոցով, որ դրացիները կ՛անհանգստացնէ»:

Ուրիշներու պիտի չղրկեմ Արմենակին գրածները:

Ինչո՞ւ անհանգստացնել հնդկընկոյզի ծառերուն տակ կիսամերկ պառկած յաւերժին նայող երջանիկները:

ՄԱԿԱՐ, ի Գաղիա, 20 Նոյեմբեր 2012

Share this Article
CATEGORIES