Սլաք. Բեմերէն Չաղաւաղենք Հայերէնը
ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
Բեմը հաւաքականութեան հետ հաղորդակցելու պատասխանատու վայր մըն է, ուրկէ կարելի չէ աղաւաղել հայերէնը եւ ուրկէ կարելի չէ խօսիլ «ազատօրէն»:
Իսկ երբ բեմին տէրը հայերէնի պահպանման առաքելութիւնը ունի, ապա պատասխանատուութիւնը կը բազմապատկուի, առաւել եւս բծախնդրութիւնն ու ճշգրտութիւնը կ՛ակնկալուի, կը պահանջուի:
Սակայն, դժբախտաբար միշտ ալ տեսութիւնները չեն համապատասխաներ իրականութեան, եւ երբեմն իրողութիւնը կը հակադրուի նպատակին: Այսպիսի երեւոյթներ եւս գոյութիւն ունին մեր ընկերութեան մէջ:
Հանդիսութիւններու ընթացքին բեմերէն բիւրեղ հայերէն լսելու փոխարէն` կը լսենք օտար բառեր, նոր «չ»ստեղծագործութիւններ եւ կամ ալ արեւելահայերէնէն «բերուած» օտարացած բառեր: Տակաւին կը լսենք շարահիւսական «նախնական» սխալներ եւ նոյնիսկ` գոյականի թիւի սխալ գործածութիւններ…
Բեմերէն այսպիսի երեւոյթներ ամբողջովին անընդունելի են: Մեր բեմերը հայերէնի պահպանման կռուաններ պէտք է ըլլան եւ մեր բեմերէն հայերէն խօսելու պատասխանատուութիւնը վերցնողները` բեմավարները, խօսքեր արտասանողները եւ երբեմն նոյնիսկ դասախօսներն ու բանախօսները պէտք է բծախնդրութեամբ եւ զգուշութեամբ խօսին, մաքրամաքուր հայերէն խօսին, որպէսզի լեզուն չաղաւաղեն:
Իսկ եթէ անոնք հայերէն խօսիլ չեն գիտեր, ապա պէտք չէ…

