Անդրադարձ. Հիւծում, Վերընձիւղում
ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
Երկու տարի առաջ էր` 2010-ի ամրան, Պէյրութ էի հարսանիքի մը ներկայ ըլլալու համար: Հարսանիքի կիրակին, արարողութենէն ետք, ընդունելութեան խրախճանքին, Պէյրութի հիւսիսը գտնուող ճաշարաններէն մէկուն մէջ հարսնեւորներու պատկառելի թիւ մը ներկայ էր: Բոլորին դէմքերէն ուրախութիւն կը ճառագայթէր ու բոլորին մաղթանքը նոյնն էր նորապսակներուն` անվերջանալի երջանկութիւն եւ… միեւնոյն բարձին, միասին… տարիներու ծանրութիւնը բաժնած ըլլալու հրճուանք: Մեր ժամանակներուն, ինչպէս բոլոր ժամանակներուն համար, բաղձանքը իր անկեղծութեամբ հրաշալի էր:
Նուագախումբը կը նուագէր: Շատ չանցած` հարսնեւորները սկսան պարելու: Քէֆը հասած էր ակնկալուած ջերմութեան աստիճանաչափին, որովհետեւ պարողները իրենց խանդավառութեամբ կը թնդացնէին սրճարանը: Չեմ յիշեր, թէ նորապսակները մաս կազմեցի՞ն, թէ՞ ոչ պարախումբին: Պարերը խմբային էին, աւելի շուրջպար` քան հանդարտ ու մտերիմ` զիրար գրկած զոյգերու դեգերում հարթակին վրայ: Այլ խօսքով, պարերը… համայնական բնոյթ ունէին եւ… «բուրժուա դեկատանս» չէին ցոլացներ:
Կը դիտէի մասնակիցները: Բոլորն ալ անխտիր կը վայելէին պահը: Հրաւիրուած երգիչը, նուագախումբի ընկերակցութեամբ, արաբերէն կ՛երգէր, իսկ պարողները գրեթէ բոլորն ալ կը մասնակցէին երգերուն` վերածուելով նուագախումբի… երգչախումբին: Պարողները, տղաք թէ աղջիկներ, իրենց շարժուձեւերը կը ճշդէին երգերու կշռոյթով ու ստեղծելով երգի, երաժշտութեան եւ նուրբ ու ճկուն շարժումներու պարարուեստի ու երաժշտութեան համաչափութիւնը:
Պահ մը ետք մեներգիչը սկսաւ հայերէն երգելու: Շուրջպարը շարունակուեցաւ ու այս անգամ շարժումները կատարուեցան նոր երգերու կշռոյթով: Նոյն երիտասարդ պարողներն էին, նոյն խանդավառութիւնն էր, բայց բան մը ճիշդ չէր, բան մը փոխուած էր: Այդ մտածումը չամբողջացուցած` ակնթարթի մը մէջ պարզուեցաւ անորոշութիւնը կամ տարբերութիւնը: Շուրջպարը, ճիշդ է, նոյն թափով ու եռանդով կը շարունակուէր, բայց երգողներուն թիւը զգալիօրէն նուազած էր: Հազիւ քանի մը մասնակցողներ հայերէն կ՛երգէին: Մնացեալները պարզապէս կը վայելէին պարերը:
– Եթէ սփիւռքի միջնաբերդը Պէյրութն է, ապա Պուրճ Համուտը` միջնաբերդին միջնաբերդն է:
Տարիներ առաջ պատգամած էր Նշան Պէշիկթաշլեան Պէյրութ այցելութեան ընթացքին:
Բայց հարսանեկան խրախճանքին պարզուող պատկերը կը թելադրէր տարբեր բան` թէ՛ «միջնաբերդ»-ը եւ թէ՛ «միջնաբերդին միջնաբերդ»-ը անցնող տասնամեակներու քաղաքացիական կռիւներէն, եւ անորոշութենէն սկիզբ առած հիւծումը զգալիօրէն աճած էր եւ իր… աւերը գործած:
Խրախճանքէն առաջ ատենին բարեկամ մը ըսած էր.
– Տե՛ս, հոս հայ վարժարան յաճախող աշակերտներուն թիւը զգալիօրէն նուազած է: Օտար, ոչ հայ վարժարան յաճախող աշակերտներուն թիւը հաւասար է հայ վարժարան յաճախողներու թիւին, եթէ անշուշտ մինչեւ հիմա չէ անցած: Կարծես շեշտելու, ընդգծելու համար այս երեւոյթը, նկատի առ նաեւ շարք մը ծնողներու սպառնալիքը օտար վարժարաններու վարչական մարմիններուն, որ` «եթէ ուզէին, որ իրենց զաւակները հայերէն սորվին, հայ դպրոց կը ղրկէին»: Իսկ խառն ամուսնութիւններու պարագային, անոնք ալ գրեթէ յիսուն տոկոսը կը կազմեն բոլոր ամուսնութիւններուն:
Այլ խօսքով, մեր գաղութի համարկումը երկրին ընդհանուր բնակչութեան մէջ եւ յարաբերաբար արագ հիւծումը, վերջապէս սկսած է վերը ակնարկուած քաղաքական անորոշութիւններու պատճառով: Մինչ այդ, մինչեւ այս վիճակին մեր հասնիլը, գաղութը կարծէք մասնակից էր պատմական, ընկերային ժամացոյցի դէմ մրցավազքի խոյանքին (սփրինթին): Ամբողջ գաղութով, գրեթէ երեք հարիւր հազարի հասնող, մասնակից էինք այդ վազքին եւ անոր արդիւնքն էր ազգային վարժարաններու ցանցը, մեր եկեղեցւոյ բարգաւաճումը, բազմաթիւ ու բազմազան թերթերու իրականութիւնը, պատկառելի մտաւորական զանգուածին գոյութիւնը, գրական, մշակութային նուաճումները, բոլորը` յարաբերաբար կարճ ժամանակի մը մէջ: Ժողովուրդը կարծէք բնազդօրէն կը զգար, կ՛անդրադառնար վերահաս վտանգին, թէ այդ բոլորը կրնային չտեւել միշտ, թէ` քաղաքական կացութիւնը կրնար փոխուիլ եւ թոյլատու չըլլալ, եւ թէ` օր մը այդ բոլորը կրնային յանկարծական ու ահռելի արգելակով կանգ առնել: Եթէ վերի մէջբերումն ու այդ պարախումբին մասնակից սքանչելի տղաքն ու աղջիկները վերջնական կանգառը չեն հասած, ապա վերջին խոյանքը (սփրինթը) վերածուած է աւելի դանդաղ, քայլարշաւի, որ վախճան չունի, դանդաղ սակայն հաստատօրէն ընթացող, որ յստակ ժամ մը, վայր մը չունի, ուր ամէն ինչ պիտի վերջ գայ, այսինքն պիտի հասնինք մեր ազգային «տերմոտինամիկայի» երրորդ օրէնքին սահմանած վիճակին` համազգային ամբողջական մեր համարկումին: Շահնուր սխալած էր իսկ Սիամանթօ ճիշդ էր դուրս եկած` մեր նահանջը տեղի կ՛ունենայ «երգով» իսկ պարողները կ՛ուզէին… «երգելով մեռնիլ»: Մեր ճակատագիրէն ոչինչ փոխուած է: Համակերպուած ու յանձնուած ժամանակի պահանջներուն` կ՛ընթանանք դէպի գահավիժող անորոշութիւն, անկայունութիւն եւ… չքացում:
Բայց,
Բարեբախտաբար Հայաստանի անկախութեան իրականութիւնը հաւանաբար մեր գաղութները հասցնէ իտալացիներու, իրլանտացիներու եւ այլոց կարգավիճակին` ըլլալ ծանօթ մեր ակունքներուն, պատմութեան, երբեմն ալ նաեւ` մեր լեզուին եւ գործածել հայերէն մը, որ կը թելադրէ մոռցուած լեզու մը միայն, ու անդրադառնալ հայերէնին իբրեւ պատմական ու հետաքրքրականօրէն սքանչելի ժամանակավրիպութեան, անհեթեթութեան:
* * *
Ահա, երեք տարի ետք Լոս Անճելըս ենք` միշտ յիշելով այդ հարսանեկան շուրջպարն ու երգերը: Հեռատեսիլի երկու տարբեր կայանէ կը ստանանք հայերէնով սփռուող յայտագիրներ: Քանի մը անգամ փորձած եմ հետեւիլ, բայց անմիջապէս փոխած եմ կայանը: Երուանդ Քասունին ճիշդ էր` զանազան կայաններէ սփռուող եւ օտարները կապկող յայտագիրներու յառաջացուցած ցասումնալից իր պժգանքին մէջ:
Բայց ահա նաեւ սքանչելի անակնկալը, զոր վստահաբար Երուանդը պիտի սիրէր:
Կրկին կայաններէն մէկը կը ստուգէի, երբ նշմարեցի յստակ, հսկայական եւ հաճելի տարբերութիւնը: Հինգ կամ վեց հոգի, երգիչ կամ երաժիշտ, նստեր էին ու կը մասնակցէին զրոյցի: Հարցումներ տուողը ոտքի էր, կ՛երթար, կու գար մէկ մասնակիցէն միւսը, երբ հարցումներ կ՛ուղղէր կամ անհրաժեշտ կը զգար բացատրութիւն տալու: Յայտնօրէն, ձեռնհաս հանդիսավարն էր մտքերու փոխանակման այդ երեկոյին: Կը քննարկէին աշուղական երգարուեստը եւ անոր կարեւորութիւնը մեր երաժշտութեան մէջ: Զանազան աշուղներու գործերը կը վերլուծէին, կը բացատրէին: Քննարկումը տեղ մը հասաւ, երբ մասնակցող արուեստագէտներէն մին միջամտեց.
– Դուք գիտէ՞ք, թէ 1908 թուին աշուղ Ջիւանին (Ծնթ. ճշգրիտ թուականը եւ աշուղին անունը տարբեր կրնան ըլլալ, առանց ըսուելիքէն բան մը փոխելու) մի երգ էր նուիրել Քարլ Մարքսին:
Ուրիշ մը.
– Աւելի ուշ մի երգ էլ նուիրել էր Ստալինին [կամ Լենինի՞ն]:
Երրորդ մը.
– Դրանք պարագայական գործեր են օրուան պայմանների հետ կապ ունեցող:
Չորրորդը.
– Պէտք չէ մոռանալ նրա նպաստը մեր ազգային երգերին: Ժողովրդական այսպիսի մի երգ կայ «Այ ֆիտայիներ, ջան ֆիտայիներ» լսել էք թերեւս, ինքն է յօրինել:
Եւ,
Խօսքը շարունակեց… երգելով ծանօթ այդ ոգեւորիչ երգը: Ծրագիրը նկարահանող նկարիչը իր ոսպնեակը տարածեց սրահին վրայ` անշարժացնելով համայնապատկերը, որ ամբողջ ծրագիրի չորոշուած իմաստը կու տար, ուրկէ նաեւ` այս բաղդատականը… հարսանեկան խրախճանքին հետ: Ներկաներու ստուար մեծամասնութիւնը երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ էին եւ հաւանաբար միեւնոյն տարիքի` հարսնեւորներու հետ բաղդատած: Աչքի զարնող ու շշմեցնող կարեւոր տարբերութիւն մը կար` գրեթէ ամբողջ սրահը կը մասնակցէր երգին, իրենց կարգին տալով արուեստագէտ երգիչին սքանչելի երգչախումբ մը:
Պատկերը հրաշալի էր ու գօտեպնդող: Ներկայ Հայաստանի մասին բոլոր յոռի երեւոյթներէն անդին, բոլոր դժուարութիւններէն, զզուեցնող բոլոր պատմութիւններէն, դիպուածներէն անդին, այդ երեկոյ տեսանելի էր դէմքը, ուրուագիծը, վեհափառ հմայքը այն Հայաստանին, որուն մասին լսեր էինք մեր մանկութենէն ի վեր, զայն սիրելը սորվեր էինք մեր ուսուցիչներէն, անոր հասնիլը աւանդի նման կամ իբրեւ սրբազան հաղորդութիւն մեզի տրուեր էր մեր ծնողներէն: Միակ դիտողութիւնը, որ պիտի ուզէի ընել, այն է, թէ հանդիսավարը պէտք էր մղեր, պէտք էր պահանջէր, որ այդ պահուն երգիչն ու երգիչները եւ սրահը բոլոր, ամբողջացնէին կատարումը այդ երգին, որ կը փառաբանէ մեր ժողովրդի գոյութիւնը ստուգապէս պահպանող մեր անցեալ ու ներկայ բոլոր հերոսները:
Հոն, այդ պահուն, թէ՛ Շահնուր եւ թէ՛ Սիամանթօ բարեբախտաբար ու վսեմօրէն… սխալեր էին, վասն զի այդ երգիչներէն, հանդիսատեսներէն ոչ մէկուն դէմքը որեւէ ընկրկում կը թելադրէր: Իւրաքանչիւրը անոնցմէ կարծէք այդ երգով կ՛երդնուր մնալ պատնէշի վրայ եւ հայրենական եզերքներուն կառչած` ճզմելու մռութները հաւանական ոսոխին, որ ոճրային չարութեամբ պիտի ուզէր անարգել սրբազան հողը հայրենիքին եւ հայ տան: Անոնք պատրաստ չէին ոչ նահանջելու երգով եւ մանաւանդ` ոչ ալ մեռնելու երգով:
* * *
Երկու խումբ երիտասարդներու, միեւնոյն ժողովուրդէն սերած, մին հեռու հայրենի երկրէն, երկրի մը մէջ որ իրը չէ, որքան ալ հարազատ` միշտ օտար եւ անխուսափելիօրէն օտարացնող, միւսը հայրենի հողը ունի իբրեւ ամրախարիսխ պատուանդան, եւ որ կը բարբառի ի սկզբանէ անտի` թէ «յաղթանակները (ինք) կու տայ իր զաւակներուն եւ պարտութիւնները (իրեն) են»: Ֆետայիներու յիշատակը անմահացնող այդ երգին երգիչները ներկայ Հայաստանին այն դիմագիծը կու տային, արեւոտ, պայծառ, շէնշող եւ յուսադրող դէմքն ու պատուարը, որուն հաղորդ էինք, որուն ջերմացնող եւ «հաւատարծարծ» ներկայութիւնը կը զգար իւրաքանչիւրը մեզմէ, ուր որ ալ ըլլայինք միշտ ականջալուր եւ ունկդիր անկէ եկող, Վաղարշապատի տաճարի զանգակներու ղօղանջին: Հոն են թէ՛ «միջնաբերդ»-ը եւ թէ՛ ժողովուրդը, որ պարտադրանքին տակը չէ կեանքի խոյանքին մասնակցելու, այլ ինք կ՛որոշէ իր ուրոյն յառաջընթացը վստահօրէն եւ հաստատօրէն հասնելու իր սահմանած նպատակներուն եւ անոնց իրագործումներուն:

