Հեծելարշաւ. Կիրակի, 2 Դեկտեմբերին Կ՛աւարտի Լիբանանի Ախոյեանութիւնը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ «Սքոթ» ընկերութեան, կիրակի, 2 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի հեծելարշաւի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի յետաձգուած մրցումը:

Անիկա պիտի ըլլայ շատ կարեւոր, որովհետեւ ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումն է եւ բնականաբար պիտի վճռուի ախոյեանին անունը:

Այս հանգրուանը սկիզբ պիտի առնէ առաւօտեան ժամը 8:00-ին` Թապարժայէն ուղղուելով դէպի Թրիփոլի: Ապա, հեծելանւորդները պիտի վերադառնան ժամանման գիծը` «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մօտ:

Անոր ընդհանուր երկարութիւնն է 115 քմ:

Share this Article
CATEGORIES