Փինկ Փոնկ. Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Ժընուպ Թուլ` Լիբանանեան Խումբերուն Մէջ Ցարդ Լաւագոյնը
Ինչպէս ծանօթ է, ներկայիս Մարոք կը հիւրընկալէ Արաբական ակումբներու 24-րդ ախոյեանութեան մրցումները:
Լիբանանեան չորս խումբերուն մէջ ցարդ լաւագոյն արդիւնքը կ՛արձանագրէ տղոց Ժընուպ Թուլ խումբը (Դ. խմբակ), որ արձանագրեց երկու յաղթանակ` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով յորդանանեան Ժեզիրէն (3-0) եւ ալճերիական Ըրպըան (3-0):
Ա. հանգրուանի անոր մնացեալ մրցակիցներն են քաթարեան Արապին, մարոքեան Ֆաթհը եւ լիպիական Սարայան:
Գ. խմբակին մաս կազմող տղոց Նատուա Քամաթիէ թէեւ իր կատարած առաջին մրցումին պարտուեցաւ քուէյթեան Սահելէն (3-1), սակայն երկրորդին յաղթեց սէուտական Ահլիին (3-1): Անոր խմբակին մէջ են նաեւ Սլէյմանիէ (Իրաք) եւ Օլիմփիք (Ալճերիա):
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, Շապապ Ֆաուար – Զղարթա, որ 2011-ին Արաբական ախոյեանութեան հանդիսացած էր փոխախոյեան, Բ. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ յաղթեց մարոքեան Օլիմփիքին (3-2), ապա պարտուեցաւ իրաքեան Շաքլաուայէն (3-1): Անոր յաջորդ մրցակիցներն են Մարաա (Քաթար), Աթլեթիք (Ալճերիա) եւ Զամալեք (Եգիպտոս):
Իսկ Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա իր կատարած առաջին մրցումին պարտուեցաւ Պահրէյնի խումբէն (3-1): Ա. խմբակին մէջ անոր յաջորդ մրցակիցներն են Ուաֆաք (Ալճերիա), Սատաքա Մոհամատիէ (Մարոք) եւ տիտղոսակիր Ահլի (Եգիպտոս):

