Էն. Պի. Էյ. Օքլահոմա Յաղթեց Ռոքեթցի. Տիւրընթ Նշանակեց 37 Կէտ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած ճակատումներուն Օքլահոմա Սիթի արձանագրեց մեծագոյն յաղթանակը` 120-98 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հիուսթըն Ռոքեթցը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 37 կէտ:
Մինչ Օքլահոմա արձանագրեց իր 12-րդ յաղթանակը, անդին Սան Անթոնիօ Սփըրզ արձանագրեց իր 13-րդը` 110-89 արդիւնքով յաղթելով Օրլանտօ Մեճիքի:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 84-82
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 110-89
Պրուքլին Նեթց – Պոսթըն Սելթիքս 95-83
Աթլանթա Հոքս – Շարլոթ Հոռնեթց 94-91
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ֆէոնիքս Սանզ 117-77
Շիքակօ Պուլզ – Տալաս Մավըրիքս 101-78
Նիւ Եորք Նիքս – Միլուոքի Պաքս 102-88
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 103-82
Եութա Ճեզ – Նիւ Օրլինզ 96-84
Օքլահոմա Սիթի – Հիուսթըն Ռոքեթց 120-98
Այսօր տեղի կ՛ունենան երկու մրցումներ` հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.
Մայեմի Հիթ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Տենվըր Նակեթց


