Ըստ «Արմենփրես» Լրատու Գործակալութեան Արթուր Աբրահամ Համոզուած Է, Որ Պիտի Մնայ Աշխարհի Ախոյեան

WBO-ի դասակարգի կիսամիջին կարգի կռփամարտի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ վստահ է, որ պիտի պաշտպանէ աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը:

Աբրահամ այժմ կը մարզուի Պերլինէն (Գերմանիա) 100 քմ հեռու գտնուող Քինփաօ մարզական-առողջապահական քաղաքին մէջ:

Հայազգի կռփամարտիկը «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ ներկայիս ինք հրաշալի մարզավիճակի մէջ է եւ այդ իրողութիւնը կը հաստատէ նաեւ իր մարզիչը` Ուլի Վեկները:

Յառաջիկայ 15 դեկտեմբերին գերմանական Նիւրեմպերկ քաղաքին մէջ WBO-ի դասակարգի կիսամիջին կարգի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին տիրանալու համար Գերմանիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ (35-3, 27) պիտի ճակատի Ֆրանսան ներկայացնող Մետի Պուատլայի դէմ (26-4, 11):

Աբրահամ առաջին անգամ ըլլալով կը ճակատի պաշտպանելու համար WBO-ի ախոյեանութեան իր գօտին, որուն տիրացած էր այս տարուան 25 օգոստոսին` յաղթելով գերմանացի Ռապըրթ Շթիկլիցի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES