Լիբանանցի Բերդապահ Զիատ Սամատ Լքեց Միջազգային Ասպարէզը
Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Զիատ Սամատ յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով պաշտօնապէս ըսաւ, որ կը լքէ միջազգային ասպարէզը` նկատի ունենալով, որ ժամանակ չի գտներ իր ընտանիքին հետ ըլլալու:
Ան իր այս յայտարարութիւնը կատարեց հանդիպում-ժողով մը ունենալէ ետք Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ ազգային խումբի մարզիչ Թէօ Պոքըրի հետ:
Ան Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ունեցաւ բաւական փայլուն օրեր եւ յաջողեցաւ իր ունեցած լաւ ներկայացումներով մեծապէս նպաստել խումբին, որ հասնի 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին աւարտական հանգրուանին:
CATEGORIES Մարզական

