Քրիս Պոհճալեան Ժամանեց Լիբանան
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հրաւէրով, չորեքշաբթի երեկոյեան, «Տը Սենտքեսըլ Կըրլզ» վէպի հեղինակ, ամերիկահայ գրող Քրիս Պոհճալեան ժամանեց Լիբանան: Յայտնենք, որ երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, կաթողիկոսարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող այս վէպին շնորհահանդէսը:
Երէկ Պոհճալեան այցելեց Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճները եւ հանդիպում ունեցաւ բարձր կարգի աշակերտներուն հետ: Ան անդրադարձաւ իր այս հատորի հրատարակութեան պատրաստութեան ընդհանուր մանրամասնութիւններուն, խօսեցաւ իր ընտանեկան արմատներուն, ինչպէս նաեւ այն երեւոյթին մասին, թէ ինչպէ՞ս ինք վերծանած է իր ընտանիքի նախորդներուն յիշողութիւնը: Ան անդրադարձաւ նաեւ իր 15 հատորներուն, որոնցմէ ոմանք վերածուած են նաեւ շարժապատկերի` աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ինք առաջին անգամ փորձած է գրել համալսարանական տարիներուն, բայց աշխատանքը չէ հրատարակած: Պոհճալեան իր այս նոր վէպը` «Տը Սենտքեսըլ Կըրլզ»-ը նկատեց իր ստեղծագործութիւններուն լաւագոյնը` եզրակացնելով, որ իր մտապատկերին մէջ Արարատ լեռը եւ Մուսա տաղը յատուկ խորհրդանիշներ են եւ գոյութեան իմաստ:
Այսօր կէսօրին Պոհճալեան հանդիպում պիտի ունենայ Հայկազեան համալսարանի ուսանողութեան հետ, ինչպէս նաեւ երեկոյեան` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հայ ուսանողներու աւանդներու ակումբին կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ Պոհճալեանի ձեռնարկը, ժամը 6:30-ին, համալսարանի «Պաթիշ» սրահին մէջ: Այսօր Քրիս Պոհճալեան հրաւիրուած է նաեւ «Նահար» օրաթերթի խմբագրատուն, ուր պիտի հանդիպի գրական-մշակութային բաժանմունքի խմբագրութեան հետ:


