Կռփամարտ. Աշխարհի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Տարօն Սողոմոնեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Մարզիկին
Կռփամարտի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան նախնական մրցումներուն յաղթանակով սկսաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Տարօն Սողոմոնեան:
«Արմենփրես» լրատու գործակալութեան համաձայն, 56 քկ դասակարգի մրցումներուն Սողոմոնեան առաջին մրցումին ճակատեցաւ Ազրպէյճանը ներկայացնող Նասրատտին Մամատովի դէմ:
Հետաքրքիր եւ լարուած ճակատումին ընթացքին հայազգի մարզիկը 3 ռաունտերու ընդհանուր` 18-12 արդիւնքով առաւելութեան հասաւ ազրպէյճանցիին նկատմամբ: Սողոմոնեան բնականաբար պայքարը պիտի շարունակէ յաջորդ հանգրուանին մէջ:
69 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Եուրիկ Միքայէլեան դուրս մնաց մրցաշարքէն` պարտութիւն կրելով գերմանացի Ապպաս Փառաուէն` 22-14 արդիւնքով:
49 քկ դասակարգին մէջ Հայրիկ Նազարեան 21-12 արդիւնքով յաղթեց իտալացի Ճիանլուքա Քոնսելմոյի:
CATEGORIES Մարզական


