Նախարար Ֆայսալ Քարամէ Ընդունեց Լիբանանի Պասքեթպոլի Նորընտիր Ֆետերասիոնը

PROFOTO

Երէկ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ նախարարութեան իր կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի նորընտիր ֆետերասիոնը` ներկայութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամիի:

Նախարար Քարամէ շնորհաւորեց ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլան եւ մնացեալ անդամները` անոնց մաղթելով յաջողութիւն իրենց չորս տարուան պաշտօնավարութեան ընթացքին:

Նախարարին հաւանութեամբ կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը, որ կապի մէջ պիտի մտնէ նոր ֆետերասիոնի ընտրութեան դէմ բողոքող հինգ ակումբներուն դէմ` փորձելով լուծում մը գտնել անոնց բողոքին եւ կարելի եղածին չափ շուտ վերսկսիլ ախոյեանութեան մրցումներուն:

Այդ յանձնախումբին մաս կը կազմեն Ռոպեր Ապու Ապտալլա, Ժան Հաշշաշ, Ղասսան Ֆարես, Էլի Ֆարհաթ եւ Ռամի Ֆաուազ:

Share this Article
CATEGORIES