Մովսիսեան 5 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Սպարտակ Մոսկուայի Հետ
Իր լուրը քաղելով Sportbox.ru կայքէջէն` ArmFootball.com մարզական լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Քրասնոտարի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, բժշկական քննութիւններու ենթարկուելէ ետք 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սպարտակ Մոսկուայի հետ:
Իր պայմանագրութիւնը ստորագրելէ ետք Մովսիսեան վերադարձաւ Քրասնոտար եւ միացաւ իր խումբին:
25 տարեկան Մովսիսեան այս տարեշրջանին Ռուսիոյ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցեցաւ 13 մրցումի` նշանակելով 9 կոլ եւ կատարելով կոլի երկու փոխանցում: Վիրաւոր ըլլալուն պատճառով ան վերջին քանի մը մրցումներէն բացակայեցաւ:
Նշենք, որ Մովսիսեան 2010-ի ձմրան դանիական Ռանտերս խումբէն միացած էր Քրասնոտարի:
CATEGORIES Մարզական

