Ճատրակ. Գաբրիէլ Սարգսեան Պիտի Մարզէ Մետալակիրները

«Ա1+» հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականի անդամ Գաբրիէլ Սարգսեան ներկայիս կը պատրաստուի Եւրոպայի արագ եւ կայծակնային ճատրակի ախոյեանութեան: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ` յառաջիկայ 14-16 դեկտեմբերին:

Սարգսեանէն բացի, այս ախոյեանութեան մասնակցելու փափաք յայտնած են նաեւ Տիգրան Լ. Պետրոսեան, Զաւէն Անդրէասեան, Հրայր Սիմոնեան եւ Վահէ Պաղտասարեան:

Իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին Սարգսեան «Ա1+»-ի թղթակիցին յայտնեց, որ Լեւոն Արոնեանի հետ Ջերմուկի եւ Ծաղկաձորի մէջ իր կատարած ուսումնամարզական հաւաքներէն ետք, այժմ իր փորձերը կը շարունակէ կատարել Երեւանի մէջ:

«Վարշաւա մեկնելէ առաջ դարձեալ պիտի այցելեմ Ծաղկաձոր, ուր 1-10 դեկտեմբերին «Մեր դպրոց» ծրագիրին շրջագիծին մէջ պիտի մարզեմ Հայաստանի պատանիներու ախոյեանութիւններուն մետալակիրները», ըսաւ աշխարհի եւ ողիմպիականի ախոյեան Սարգսեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES