8-9 Դեկտեմբերին Լիբանան Կը Հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ Ժիւտոյի Ախոյեանութիւնը

8-9 դեկտեմբերին Լիբանան պիտի հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ ժիւտոյի ախոյեանութիւնը:

Յայտարարուեցաւ, որ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը ցարդ ուզած են բերել Իրաք, Յորդանան, Սուրիա, Եմէն, Պաղեստին եւ Լիբանան:

Աշխատանք կը տարուի յաւելեալ երկիրներ եւս համոզելու, որպէսզի մասնակցին այս ախոյեանութեան:

Ժիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրանսուա Սաատէ յայտնեց, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ ախոյեանութեան մասնակցող երկիրներուն թիւը բարձրացնելու:

Share this Article
CATEGORIES