«Երեւանի Մէջ Ազրպէյճանցի Կռփամարտիկներուն Անվտանգութիւնը Կ՛ապահովեն Բարձր Մակարդակով» Կ՛ըսէ Ազատ Ռահիմով

Մէջբերելով azerisport.com-ի հրապարակած մէկ լուրը` PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Ազրպէյճանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ազատ Ռահիմով մնայուն կապի մէջ է Ազրպէյճանի կռփամարտի երիտասարդական հաւաքականին հետ, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ աշխարհի կռփամարտի երիտասարդներու ախոյեանութեան:

Իր խօսքին մէջ Ռահիմով կ՛ըսէ. «Մեր կռփամարտիկներուն անվտանգութիւնը կ՛ապահովուի շատ բարձր մակարդակով: Մենք անընդհատ կապի մէջ ենք անոնց հետ: Անոնցմէ ամէն գնով ոսկի մետալներ կ՛ակնկալենք: Կը փափաքինք, որ Ազրպէյճանի քայլերգը հնչէ Երեւանի մէջ»:

Երեւանի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ախոյեանութեան Ազրպէյճան կը մասնակցի եօթը կռփամարտիկով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES