Ազրպէյճանի Ազգային Միասնական Ճակատը Վրաստանի Նոր Իշխանութիւնները Կը Մեղադրէ Իրենց Դաւաճանելու Յանցանքով
«Կրուզիա անլայն» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի ազգային միասնական ճակատը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, որ Պիձինա Իվանիշվիլի, որ նախընտրական շրջանին աշխուժ կերպով կը հիւրընկալուէր ազրպէյճանական համայնքի բնակեցման վայրերուն մէջ եւ Ազրպէյճանի հետ բարեկամութեան մասին կը յայտարարէր, իշխանութեան գալէ ետք տրամագծօրէն հակառակ դիրքորոշում որդեգրած է:
«Վրաստանի իշխանութիւնները բացայայտ խոնարհումներ կը կատարեն Մոսկուայի կողմը, որ Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի ենթակայ տարածքները ճանչցած է իբրեւ անկախ պետութիւններ: Միեւնոյն ժամանակ Վրաստան կը կատարէ յայտարարութիւններ, որոնք կը հակասեն Ազրպէյճանի շահերուն: Ազրպէյճան բարդ իրավիճակներու ընթացքին միշտ օգնած է Վրաստանին` նիւթապէս եւ բարոյապէս», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, թէ վերոյիշեալը կը հաստատէ, որ Միխայիլ Սահակաշվիլի իրաւացի էր, երբ կը յայտնէր, թէ Պիձինա Իվանիշվիլի ոչ թէ վրացի ժողովուրդին, այլ տարածաշրջանի որոշ պետութիւններու շահերը կ՛արտայայտէ:

