Սուրիոյ Քիւրտերը Որոշած Են Համախմբուիլ Եւ Դաշնակցային Պետութիւն Ստեղծել

Ռուսական «Վրեմիա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ քիւրտերը որոշած են միաւորուիլ ու դաշնակցային պետութիւն ստեղծել: Այդ նպատակով նախապէս իրարու դէմ հակամարտող Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան եւ Քրտական ազգային խորհուրդին միջեւ համաձայնագիր կնքուած է:

Երկու կողմերուն միջեւ բանակցութեանց յաջողութեան նպաստած է իրաքեան քիւրտերու ղեկավար Մասուտ Պարզանին, որ այս պարագային միջնորդի դեր կատարած է:

Ըստ երկկողմ համաձայնագիրին, երկու խմբաւորումները համաձայնած են միացեալ անվտանգութեան ծառայութեան ստեղծման, զինուորական ուժերու միաւորման եւ սահմանամերձ գօտիներու միացեալ հսկողութեան վերաբերեալ: Սակայն երկու քաղաքական ուժերն ալ Դամասկոսէն մէկ պահանջ ունին` քիւրտերուն պէտք է ինքնավարութիւն տրամադրուի, ինչպէս նաեւ շարք մը իրաւունքներ, որոնցմէ անոնք զրկուած եղած են Հաֆեզ Ասատի եւ անոր յաջորդին` Պաշշար Ասատի իշխանութեանց օրերուն:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ ընդդիմադիր եւ յեղափոխական ուժերու ազգային համաձայնական մարմինի նկատմամբ կեցուածքներուն, ապա այս հարցին մէջ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան եւ Քրտական ազգային խորհուրդի մօտեցումները խիստ հակասական են: Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը այդ մարմինի գործունէութեան յստակ դէմ կ՛արտայայտուի, իսկ Քրտական ազգային խորհուրդը տակաւին կ՛երկմտի` չբացառելով համագործակցութեան տարբերակը:

 

Share this Article
CATEGORIES