«Սուրիական Տագնապի Լուծման Բանալիները Ռուսիոյ Մօտ Են» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «սուրիական տագնապի լուծման բանալիները Ռուսիոյ մօտ են»:

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Էրտողան զինք Մատրիտէն Անգարա փոխադրող օդանաւին մէջ լրագրողներու յայտնած է, որ «Իրան այսուհետեւ չի գտնուիր կացութեան մը մէջ, որ անոր կ՛արտօնէ բանալին իր մօտ ունենալ»` նշելով, որ ռուսական կեցուածքը շատ կարեւոր է:

Ան նշեց, որ «ամերիկեան կեցուածքը մինչեւ հիմա գոհացուցիչ չէր»` աւելցնելով, որ անոնք «խնդրեցին (Միացեալ Նահանգներու նախագահական) ընտրութիւններէն վերջ սպասել, իսկ այժմ կ՛ըսեն, որ պէտք է նոր կառավարութիւն կազմել եւ ատկէ ետք կրնանք խօսիլ»:

Ինչ կը վերաբերի սուրիական ընդդիմութեան զէնք մատակարարելու հարցին` Էրտողան նշեց, որ «ընդդիմադիրները ձեւով մը զէնք կը ստանան»` աւելցնելով, որ «կը կարծեմ, որ խնայողութիւն կը կատարեն, որպէսզի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ուժերուն դէմ ճակատումը շարունակեն»:

ՕԹԱՆ Ռուսիոյ վստահեցուց, որ Թուրքիոյ մէջ «Փաթրիոթ» հակահրթիռային համակարգերու տեղակայումը պարզապէս պաշտպանողական միջոցառում է:

ՕԹԱՆ-ի 28 անդամներու պատուիրակները մէկ տարի ընդհատումէ ետք առաջին անգամ ըլլալով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար, ՕԹԱՆ-ի մօտ Ռուսիոյ նոր նշանակուած դեսպան Ալեքասնտր Կրուշքոյի հետ ժողով մը գումարեցին:

ՕԹԱՆ-էն դիւանագէտ մը յայտնեց, որ Կրուշքօ «վերստին յայտնեց Ռուսիոյ կեցուածքը», թէ Մոսկուա մտահոգ է հրթիռներու տեղակայումէն, որովհետեւ այն մտավախութիւնը ունի, որ անոնք սահմանային շրջանին մէջ լարուածութիւնը կրնան աճեցնել:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` «Ռիֆ Տիմաշքի դէմ յարձակումը դատապարտող որոշում մը որդեգրելու»:

Կաթիլով «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրեց, որ «(ՄԱԿ-ի) ընդհանուր քարտուղարը դատապարտեց զինեալներուն Դամասկոսի մէջ շղթայազերծած արիւնալի նոր յարձակումը, իսկ այժմ այդպիսի դէպքերուն պատասխանելու կարգը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդինն է: Ռուսիա այս հարցով առաջարկեց որոշում որդեգրել»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ ընդհանուր քարտուղարին ուղղուած երկու նամակներու մէջ յայտնեց, որ «Ապահովութեան խորհուրդը ինքզինք բարոյական եւ մարդկային գետնի վրայ անարդարանալի կեցուածքի մէջ կը դնէ, եթէ շարունակէ անտեսել Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան  զոհերուն եւ անոնց հարազատներուն տառապանքը»:

Նախարարութիւնը նշեց, որ Սուրիոյ մէջ գործուող ահաբեկչութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային ջանքերուն հաւաստիութեան եւ անոնց յաջողութեան առիթներուն համար քննութիւն մըն է:

Նշենք, որ եգիպտական օդանաւային ընկերութիւնը Դամասկոսի միջազգային օդակայանին շուրջ տիրող ապահովական կացութեան պատճառով ջնջեց դէպի Դամասկոս վաղուան իր թռիչքները:

 

Share this Article
CATEGORIES