Մալիքիի Գլխաւորած Խորհրդարանական Պլոքը Կը Յայտարարէ. «Թուրք Ժողովուրդը Էրտողանի Անխոհեմութեան Եւ Իրաքի Հարցերուն Միջամտութեան Գինը Պիտի Վճարէ»

Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի ղեկավարած Օրէնքի երկիր խորհրդարանական պլոքի բանբեր Ալի Շալահ «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը զգուշացուց` յայտնելով, որ «իր ժողովուրդը տնտեսական գետնի վրայ իր անխոհեմութեան եւ Իրաքի ներքին հարցերուն միջամտութեան գինը պիտի վճարէ»:

Ան Էրտողանին սպառնալով յայտնեց, որ «մօտիկ ապագային Իրաքի նկատմամբ իր յարանուանական մօտեցումին պատճառով վատ արդիւնքներ պիտի տեսնէ»` նշելով, որ «եթէ Էրտողան Իրաքի հարցերուն միջամտէ, ապա քիւրտերուն դէմ պիտի միջամտէ եւ ոչ թէ ի նպաստ անոնց»:

Շալահ բացատրեց, որ «Թուրքիա քրտական տարրը չի ճանչնար, որովհետեւ Թուրքիոյ քիւրտերուն կ՛արգիլէ խօսակցութեան եւ մշակութային կեանքին մէջ իրենց լեզուն օգտագործել, ուստի ինչպէ՞ս կրնայ Իրաքի մէջ քրտական տարրին նկատմամբ նախանձախնդիր ըլլալ»:

«Թուրքիա կը փորձէ Իրաքի քիւրտերը Քերքուքի մէջ իրենց փառամոլութիւններու իրագործումին խոստումով խաբել», ըսաւ ան եւ զգուշացուց բոլոր անոնք, որոնք թուրքերուն Քերքուքի մէջ որեւէ միջամտութեան պարագային անոնց հետ կը գործակցին:

Նշենք, որ Իրաքի վարչապետ Մալիքի վերջերս բուռն կերպով քննադատեց Էրտողանը` յորդորելով, որ ան Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց հարցերու լուծումով զբաղի, շրջանային հարցերու միջամտելու փոխարէն: Մալիքիի յայտարարութիւնը արժանացաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բուռն հակազդեցութեան:

Share this Article
CATEGORIES