ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Պաղեստինեան Պետութեան Ծննդեան Վաւերագիրը Հրապարակեց

Պաղեստինեան պատուիրակութիւնը ծափողջոյններով կը տօնէ ՄԱԿ-ի պատմական որոշումը

Երէկ ուշ գիշերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ կատարուած քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք Պաղեստինը դարձաւ ՄԱԿ-ի ոչ անդամ դէտի կարգավիճակով պետութիւն: Որոշումին թեր քուէարկեցին 138 երկիրներ, դէմ` 8, իսկ ձեռնպահ` 41:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առջեւ խօսք արտասանելով ըսաւ. «Մենք համոզուած ենք, որ միջազգային ընտանիքը երկու պետութեամբ լուծումը փրկելու վերջին առիթին առջեւ կը կանգնի… Պաղեստինցի ժողովուրդը կը շարունակէ խաղաղութեան հաւատալ… Ժամանակը հասած է, որ աշխարհ յարձակումին, բնակեցումին եւ բռնագրաւումին յստակ կերպով բաւ է ըսէ… Մեր նպատակը խաղաղութեան հոլովոյթին ձեռնարկման վերջին առիթ տալն է… Միայն 1967-ի հողամասերուն վրայ եւ Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պաղեստինեան պետութիւն մը պիտի ընդունինք… Պաղեստինցիք պիտի շարունակեն ժողովրդային խաղաղ դիմադրութիւնը… Կը պահանջենք, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը պաղեստինեան պետութեան ծննդեան վաւերագիրը հրապարակէ:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց, որ «ՄԱԿ-ի մէջ Պաղեստինին ոչ անդամ պետութեան դէտի կարգավիճակի տուչութեան շուրջ քուէարկութիւնը գետնի վրայ ոչինչ պիտի փոխէ»` աւելցնելով, որ «պաղեստինցիները այս ձեւով պետութիւն պիտի չունենան»:

Ան քուէարկութենէն ժամեր առաջ Երուսաղէմի մէջ յայտնեց, որ «ՄԱԿ-ի որոշումը գետնի վրայ ոչինչ պիտի փոխէ եւ պաղեստինեան պետութեան հաստատման հոլովոյթը յառաջ պիտի չմղէ, այլ ընդհակառակն` զայն պիտի ուշացնէ»:

 

Share this Article
CATEGORIES