Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Պրիկիթա Իպըրլին: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու երկու երկիրներուն վերաբերող խնդիրներ:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր յայտնեց, որ ընդհանուր ապահովութեան կառոյցը Լիբանանի պաշտպանութեան եւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան հաստատումին առաջին գիծը կը նկատուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը նախանցեալ օր Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գրաւեց բեռնարկղ մը, որ կը պատկանէր լիբանանցի վաճառականի մը եւ կը պարունակէր խաղալիք եւ տնային առարկաներ: Բեռնարկղը կը կրէր եբրայերէն արձանագրութիւններ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի բանբեր Աֆիխարի Էտրի ըսաւ, որ յաղթանակներ արձանագրելու յոխորտանքներուն մէջ մնայուն կերպով իբրեւ օրինակ կը նշուի 2006-ի յուլիսեան պատերազմը եւ հարց տուաւ. «Եթէ Հըզպալլա այդ պատերազմին յաղթանակ արձանագրած է, ապա անոր ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ինչո՞ւ մնայուն կերպով իր թաքստոցին մէջ կը մնայ»:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Ժորժ Ատուանի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աուն:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ մեղադրական կեցուածքներ յայտնած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատուիրակութեան` ակնարկելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի վերջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կատարած յայտարարութիւններուն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժեր կը քննարկեն վարչապետարանին դիմաց` Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ իրենց զետեղած բաց նստացոյցի վրանները վերցնելու կարելիութիւնները:
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ մարոնի համայնքի պատրիարք, կարտինալ Պշարա Ռայի կը մերժէ 1960-ի ընտրական օրէնքը, ինչպէս նաեւ կը մերժէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստը յետաձգուած է նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կողմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին կատարուած այն հաստատումէն ետք, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը անշեղ պիտի մնան երկխօսութեան իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու կեցուածքէն:
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի պիտի նախագահէ ապահովական այնպիսի նիստի մը, որուն ընթացքին Մուսթաքպալի եւ Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութիւնները կարելի պիտի ըլլայ վերահաստատել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական որոշ ուժերուն կողմէ Լիբանանի ճակատագիրը Սուրիոյ վերիվայրումներուն առնչելը մահացու քայլ է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտայայտած վերջին տեսակէտները լիբանանեան երկխօսութեան դիմաց բոլոր դռները փակեցին:

